9
Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրեր 2014-2015 2. DÖNEM OKUL BÜLTENİ Yıl: 5 Sayı: 10 Haziran 2015 2014-2015 Աւարտական Դասարան Դպրոցէս, այսինքն երկրորդական տունէս զատուիլ ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ, բայց շրջանաւարտ ըլլաուս համար ալ շատ ուրախ եմ: Ընկերներուս եւ ուսուցչուհիներուս հետ երկար ատեն անցուցի եւ ոչ մէկը բնաւ պիտի չմոռնամ: - Արթիւր Խաչեմանայվալեան Այո, շրջանաւարտ պիտի ըլլանք: Ամէնքս ալ օրեր համրելու սկսանք: Կը յուզուիմ որ դպրոցէս պիտի հեռանամ, բայց ուրախ եմ ալ, որովհետեւ ուրիշ դպրոցի մը մէջ նոր ընկերներ, նոր ուսուցիչներ ալ պիտի ճանչնամ եւ կը հաւատամ որ անոնք ալ շատ պիտի սիրեմ: Սիրելի դպրոցս շատ պիտի կարօտնամ: - Մանուէլ Գէրթիշ Դպրոցին վերջին շաբթուան մէջ ենք: Գիտեմ որ ընկերներս եւ Օրիորդ Լուսիան շատ պիտի կարօտնամ: Մեր ուսուցիչներէն շատ բան սորվեցանք, շնորհակալ ենք անոնց: Տխուր եմ որ պիտի զատուիմ դպրոցէս: - Անուշ Հանչէրօղլու Դպրոցէս շրջանաւարտ ըլլաուս պատճառաւ հարկաւ որ յուզուած եմ, բայց այլեւս լիսէ երթալու ատենն է: Որ դպրոցը որ երթամ դպրոցս չեմ կրնար մոռնալ: Ինծի համար դպրոցիս ուսուցչուհիները միշտ ամենագեղեցիկ եւ ամենալաւ ուսուցչուհիները ըլլալով պիտի մնան: - Արտէն Գազ Մանկապարտէզէն ի վեր Լեւոն Վարդուհեանը իմ երկրորդ տունս եղաւ՝ ուսուցիչները մայրս, ընկերներս ալ քոյրս, եղբայրս: Աղէկ որ այս դպրոցը եկեր եմ եւ հոս ուսում առեր եմ: Ուսուցիչներս, ընկերներս եւ դպրոցս շատ պիտի կարօտնամ եւ երբէք պիտի չմոռնամ: - Լեռնա Թումաեան Դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալուս պատճառաւ մէկ կողմէ կը յուզուիմ, իսկ միւս կողմէ ալ ուրախ եմ, որովհետեւ նոր կեանք մը կը սկսի: Դպրոցս բնաւ պիտի չմոռնամ: Ձեզ շատ կը սիրեմ: - Ժուլիա Ինճիեան

Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

  • Upload
    others

  • View
    4

  • Download
    0

Embed Size (px)

Citation preview

Page 1: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրեր 2014-2015 2. DÖNEM OKUL BÜLTENİ

Yıl: 5 Sayı: 10 Haziran 2015

2014-2015 Աւարտական Դասարան

Դպրոցէս, այսինքն երկրորդական տունէս զատուիլ ինծի համար դժուար պիտի ըլլայ, բայց

շրջանաւարտ ըլլաուս համար ալ շատ ուրախ եմ: Ընկերներուս եւ ուսուցչուհիներուս հետ երկար

ատեն անցուցի եւ ոչ մէկը բնաւ պիտի չմոռնամ: - Արթիւր Խաչեմանայվալեան

Այո, շրջանաւարտ պիտի ըլլանք: Ամէնքս ալ օրեր համրելու սկսանք: Կը յուզուիմ որ դպրոցէս պիտի

հեռանամ, բայց ուրախ եմ ալ, որովհետեւ ուրիշ դպրոցի մը մէջ նոր ընկերներ, նոր ուսուցիչներ ալ

պիտի ճանչնամ եւ կը հաւատամ որ անոնք ալ շատ պիտի սիրեմ: Սիրելի դպրոցս շատ պիտի

կարօտնամ: - Մանուէլ Գէրթիշ

Դպրոցին վերջին շաբթուան մէջ ենք: Գիտեմ որ ընկերներս եւ Օրիորդ Լուսիան շատ պիտի

կարօտնամ: Մեր ուսուցիչներէն շատ բան սորվեցանք, շնորհակալ ենք

անոնց: Տխուր եմ որ պիտի զատուիմ դպրոցէս: - Անուշ Հանչէրօղլու

Դպրոցէս շրջանաւարտ ըլլաուս պատճառաւ հարկաւ որ յուզուած եմ,

բայց այլեւս լիսէ երթալու ատենն է: Որ դպրոցը որ երթամ դպրոցս չեմ

կրնար մոռնալ: Ինծի համար դպրոցիս ուսուցչուհիները միշտ

ամենագեղեցիկ եւ ամենալաւ ուսուցչուհիները ըլլալով պիտի մնան: -

Արտէն Գազ

Մանկապարտէզէն ի վեր Լեւոն Վարդուհեանը իմ երկրորդ տունս եղաւ՝

ուսուցիչները մայրս, ընկերներս ալ քոյրս, եղբայրս: Աղէկ որ այս դպրոցը

եկեր եմ եւ հոս ուսում առեր եմ: Ուսուցիչներս, ընկերներս եւ դպրոցս

շատ պիտի կարօտնամ եւ երբէք պիտի չմոռնամ: - Լեռնա Թումաեան

Դպրոցէն շրջանաւարտ ըլլալուս պատճառաւ մէկ կողմէ կը յուզուիմ, իսկ

միւս կողմէ ալ ուրախ եմ, որովհետեւ նոր կեանք մը կը սկսի: Դպրոցս

բնաւ պիտի չմոռնամ: Ձեզ շատ կը սիրեմ: - Ժուլիա Ինճիեան

Page 2: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

Ընկերներս եւ ուսուցիչներս շատ պիտի կարօտնամ, բայց շատ ուրախ եմ որ այս տարի դպրոցէս

շրջանաւարտ պիտի ըլլամ: - Անիթա Եաղան

Շրջանաւարտութիւնը երկու զատ զգացում բերաւ՝ տխուր եմ, որովհետեւ ուրենէ տասը տարուան

դպրոցէս կը բաժնուիմ, իսկ ուրախ ալ եմ, որովհետեւ հոս շատ բան սորվեցայ եւ տարբեր

վարժարան մը գացած ատենս գիտելիքներս եւ ինքզինքս լաւ պիտի կրնամ ներկայացնել:

Շրջանաւարտութիւնը վերջ մը չէ, բայց ասկէ ետք ամէնքով դասի պիտի չկարենանք մտնել, կամ

խաղալ, խնդալ: Շատ ուրախ եմ որ ընկերներս ճանչցայ եւ անմոռանալի յիշատակներ ունեցայ: -

Սեւակ Պալճը

HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER

Hayatta en pahalı şey Tecrübedir, çünkü kazanmak için kaybetmek gerekir.

İnsanların çoğu kaybetmekten korktuğu için, sevmekten korkuyor. Sevilmekten korkuyor, kendisini sevilmeye layık görmediği için. Düşünmekten korkuyor, sorumluluk getireceği için.

Konuşmaktan korkuyor, eleştirilmekten korktuğu için. Duygularını ifade etmekten korkuyor, reddedilmekten korktuğu için. Yaşlanmaktan korkuyor,

gençliğinin kıymetini bilmediği için. Unutulmaktan korkuyor, dünyaya iyi bir şey vermediği için. Ve yaşamaktan korkuyor, kendisi için değil, başkalarına göre yaşadığı için. (W.Shakespeare)

Olgun insan güzel söz söyleyen değil, söylediğini yapan ve yapabileceğini söyleyen adamdır. (Confucius)

Ya ümitsizsiniz, ya da ümit sizsiniz. Ya çaresizsiniz, ya da çare sizsiniz" (Behcet Necatigil)

Sözün en güzeli, söyleyenin doğru olarak söylediği, dinleyenin de yararlandığı sözdür. (Aristo)

Rehberlik Servisi

Page 3: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

8. SINIF ESKİŞEHİR- SİVRİHİSAR GEZİSİ (9-10 Mayıs 2015)

Լեւոն Վարդուհեան վարժարանի ընթացաւարտներու

դասարան եւ ուսուցչաց կազմով 9-10 Մայիսին այցելեցինք

Էսքիշէհիրը եւ Սիվրիհիսարը:

Topkapı Levon Vartuhyan Okulu 8.sınıf öğrencileri için 9-10 Mayıs tarihlerinde Okul müdiresi Anita Tumayan ve son sınıf öğretmeni Lusia Kılınçlı yönetiminde Eskişehir gezisi düzenledi. Cumartesi sabah erken saatlerde öğrenciler ve öğretmenler Eskişehir’e doğru yola çıktı. İki gün boyunca Sivrihisar ve Eskişehir’de yoğun bir program izlendi. Sivrihisar’da Ermeni Kilisesi, Hamamı ve Zaim Bey Konağı ziyaretleri yapılarak bölge gezildi. Kilisede öğrenciler ve öğretmenler hep bir ağızdan “Hayr Mer” ve “Der Voğormiya” dualarını ettiler. Eskişehir’e varıldığında, Eskişehir’in meşhur Çiğ Böreği yenildi ve otele geçildi. Sazova Bilim ve Kültür Parkında, Uzay ve Bilim Müzesi ile Akvaryum ziyaretleri yapıldı ve yine bu bölgede buluna Masal evi ile Korsan Gemisi gezildi. Uzay ve Bilim Müzesinde öğrenciler uzay ve yıldızlar konusunda iki ayrı gösteri izlediler. Daha sonra Eskişehir’in kuşbakışı izlenebileceği Şahin Tepesine gidilerek Şelale Parkta yemek yenildi. Öğle yemeğinden sonra Eskişehir Odun pazarı, Cam Sanatlar Müzesi ve Balmumu Müzesi gezildi. En son Eskişehir Kentsel Dönüşüm Projelerinden biri olan Kent Park, Suni Plaj ve Porsuk Nehri gezildi. Öğrenciler gezi boyunca bilim, kültür, mimari ve doğa adına birçok bilgi edindi. Kendi hayallerini süsleyen Masal Evi’nde, korsan gemisinde, parklarda eğlendiler ve bu iki günlük yoğun okul gezisi güzel anılarla son buldu.

Page 4: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

ՄԵՐ ԳՐԻՉԷՆ

ԸՆՏԱՆԻՔ

Ընտանիքը հայրիկ, մայրիկ եւ զաւակներէն կը բաղկանայ: Ամենափոքր հաւաքոյթներէն

մէկն է: Սիրով եւ գորովով կը միանայ:

Ընտանիքը սէրը, յարգանքը, այսինքն կրթութեան եւ մարդկութեան դպրոցն է: Այս դպրոցին

մէջ ամենամեծ եւ ամենակարեւոր դերերը հայրիկին եւ մայրիկին կը պատկանի: Անոնք

դաստիրականերն են՝ իսկ զաւակները կրթութեան եւ գիտութեան անօթի աշակերտներ:

Ծնողները նահապետը կ'ըլլան զաւակներուն եւ զաւակները անոնց նոյնատիպ տիպարը:

Ծնողները ճիշդ վարմունքներ ցոյց տալով, ճիշդ տիպարներ ըլլալու են:

Լաւ ընտանիքները եւ լաւ բարոյականի տէր ծնողները իրենց հպատակ զաւակները կը

բարւոքեն եւ զաւակները անոնցմէ տպաւորուելով բարի եւ ճիշդ մարդոց կը վերածուին. բայց

գայթաղութիւն, բռնութիւն տիրող ընտանիքներու զաւակներուն համար նոյնը չենք կրնար

ըսել, անոնք կը զեղծանին:

Ընտանիքը լուսարուեստի կը նմանի, լուսանկարիչները ինչպէս նկարեն այնպէս կը տպեն:

Լեռնա Թումաեան – Ը դասարան

ՏՈՒՆ ԵՒ ԸՆՏԱՆԻՔ

Ըստ իս, կեանքը տունին մէջ կը սկսի: Մարդ առաջ տունին մէջ ինչ սորվի, ինչ տեսնէ անիկա

կը սորվի եւ ընելու կը սկսի: Այս վարմունքները գէշ ալ լաւ ալ կրնան ըլլալ:

Տղայ մը նախ յարգանք պէտք է սորվի, ասոր համար ընտանիքի անդամները դաստիարակի

մը պէս պէտք է վարուի: Յետոյ երբ տարիքը հասնի տղան դպրոց կը սկսի եւ տունը առած

առաջին կրթութեան նշանները հոն ցոյց տալու կը սկսի, որքան ալ ուսուցիչը տղուն լաւը,

ճիշդը սորվեցնէ տունը կրկին իր վատ վարմուքները ընելու կը շարունակէ:

Դպրոցին դերն ալ քիչ չէ: Դպրոցին մէջ տղայ մը իր լեզուն յստակ եւ ճիշդ ձեւով խօսիլը,

գրելը, կարդալը կը սորվի: Յետոյ նոր ընկերներ կ'ունենայ եւ ընկերութիւնը, բաժնեկցիլը,

սէրը կը սորվի եւ թէ կարգապահութիւնն ալ չի մոռնանք: Տղան դպրոցին մէջ կը լրջանայ եւ

դպրոցը տղուն վարմունքները դրական ձեւով կը բարւոքէ:

Այսպէս մենք տունին մէջ մեր ենթակարոյցը կը ստանանք եւ դպրոցն ալ վրան նոր շէնքեր

աւելցնելով տղան հասուն օրինակելի մարդոց կը վերածէ:

Արտէն Գազ – Ը դասարան

ՄԱՅՐՍ ԵՒ ՄԱՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՆԵՐԸ

Մայրս միշտ շատ կը հոգնի եւ անցեալ օր ես մաքրութեան առարկաներուն ըսի. « Ինծի

մտիկ ըրէ՛ք, մայրիկս շատ կը հոգնի, անոր գործերը դուք պիտի ընէ՛ք »: Բայց, մեղք երազ

տեսեր եմ, երանի այս տեսածներս իրական ըլլային: Երկրորդ օրը նորէն ըսի նոյն բաները:

Այս անգամ ամէնը իրական էին եւ մայրիկս այլեւս չի հոգնիր եւ շատ ուրախ է:

Տիլարա Իլտա Արաբօղլու-Ե դասարան

Page 5: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

ՊԱՅՈՒՍԱԿՆԵՐԸ

Օր մը պայուսակները կը զրուցէին: Պայուսակներէն

մէկը կ'ըսէ.

« Ես ալ քեզի պէս երկար հասակ եւ ուժով ըլլալ կ'ուզեմ »:

Երկար հասակ եւ ուժով պայուսակը կը պատասխանէ.

« Շատ շատ գրչատուփ, տետրակ եւ գիրք առ եւ ինծի պէս

կ'ըլլաս »:

Կարճահասակ եւ նիհար պայուսակը գրչատուփ, տետրակներ եւ գիրքեր կ'առնէ եւ

վերջը երկար հասակ եւ ուժով պայուսակին կը նմանի:

Արմաան Կէօզէլ -Ե դասարան

ՍԵՂԱՆՆ ՈՒ ՆՍՏԱՐԱՆԸ

Սեղանն ու նստարանը կը խօսէին.

- Ա՜խ նստարան, սեղան ըլլալը բնաւ չեմ սիրեր:

- Ինչո՞ւ:

- Իմ վրաս գծագրութիւն կ'ընեն:

- Փառք տուր դուն վիճակիդ, հապա ես ի՞նչ ընեմ, իմ վրաս կը նստին:

Եւ զանգակը կը հնչէ ու աշակերտները դասարան կու գան: Սեղանն ու նստարանը որոշած

են եւ աշակերտներուն պատիժ պիտի տան: Այս պատիժն ալ միայն իրենց սխալը զգացնելն

էր: Անոնք խօսեցան աշակերտներուն հետ եւ ըսին. « Դուք ձեզի մեր տեղը դրէք եւ մտածեցէք

»:

Ասկէ անմիջապէս ետք աշակերտները հասկցան իրենց սխալը եւ ներողութիւն խնդրեցին:

Անգամ մըն ալ չկրկնեցին այդ սխալը:

Պետրոս Եանարտաղ- Ե դասարան

ՏԵՏՐԱԿԻՆ ԳԱՆԳԱՏԸ

Շատ աղուոր տետրակ մը կար: Անոր տէրը Ադամն էր: Ադամը նախ տետրակը շատ

մաքուր կը գործածէր, բայց հիմա տետրակը շատ աղտոտ է եւ պատճառն ալ Ադամն է:

Տետրակը հիմա ամէն օր մատիտին հետ կը խօսէր եւ անոր գանգատները կը պատմէր:

Տետրակը՝

-Մատիտ, Ադամը առաջ ինծի շատ մաքուր կը գործածէր, բայց հիմա շատ աղտոտ եմ:

Ադամը Տետրակին ըսածները լսեց եւ ասկէ ետք Ադամը տետրակը մաքուր գործածելու

որոշում տուաւ:

Այլեւս Տետրակը շատ ուրախ էր:

Հելին Քազ- Ե դասարան

Page 6: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

ՄԱՏԻՏՆԵՐ

Լուսինը շատ գեղեցիկ ծայրով մատիտ մը առաւ, իսկ Գարինան կանանչ տգեղ մատիտ

մը առած էր:

Դպրոցները բացուեցան, Գարինան եւ Լուսինը դպրոց գացին: Լուսինին մատիտին

ծայրը միշտ կը կոտրէր, սակայն Գարինան իր կանանչ տգեղ մատիտով շատ աղուոր կը

գրէր: Մատիտները սկսան խօսիլ:

Ծայրով մատիտը՝

- Ես շարունակ կը կոտրիմ, իսկ դուն շատ գեղեցիկ կը գրես:

- Դուն ալ շատ գեղեցիկ մատիտ մըն ես:

Յանկարծ հրեշտակ մը եկաւ եւ մատիտներուն մարմինները փոխեց: Ծայրով մատիտը

եղաւ կանանչ տգեղ մատիտ, կանանչ տգեղ մատիտն ալ ծայրով մատիտ:

Կանանչ մատիտը՝

- Դուն ի՞նչ տգեղ մատիտ մըն ես:

Ծայրով մատիտը՝

- Դուն ալ շատ տգեղ կը գրես:

Եւ հրեշտակը դարձեալ սկսաւ խօսելու եւ ըսաւ.

- Դուք հիմա հասկցաք ձեր արժէքը:

Եւ դարձեալ մատիտները իրենց հին վիճակներուն

բերաւ: Մատիտները այլեւս իրենց մարմինին

արժէքը հասկցան:

Գարինա Եըլտըրըմ- Ե դասարան

ԳՐՉԱՏՈՒՓ ԵՒ ՏԵՏՐԱԿ

Գրչատուփն ու տետրակը շարունակ կը խօսէին եւ երկուքն ալ հերոս ըլլալ կ'ուզէին:

Իրարու հերոս ըլլալու մասին պատմեցին: Տետրակը տետրակ չունեցողներուն տետրակ

եղաւ: Գրչատուփն ալ գրչատուփ չունեցողներուն գրչատուփ եղաւ: Տետրակը. « Աղուոր գրէ՛

վրաս » ըսաւ, գրչատուփն ալ ըսաւ որ.« Աղուոր մատիտ ձգէ՛, աղուոր ռետին գործածէ՛ »:

...Եւ երկուքն ալ միասին հերոս եղան:

Ալպէրթ Հանչէրօղլու- Ե դասարան

Page 7: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

DİĞER ETKİNLİK VE GEZİLERİMİZ

ANNELER GÜNÜ KUTLAMASI (7 Mayıs 2015) MİNİATÜRK GEZİSİ (12.05.2015)

Monami 2015 Pastel Boya Resim yarışmasında başarı belgesi ve madalya alan öğrencilerimizİ tebrik ederiz.

Bezciyan Bilim Şenliği Başarılarımız (30 Mayıs 2015)

KORO VE ŞİİR DİNLETİSİ GÜNÜ HALK EKMEK GEZİSİ PAREGENTAN KUTLAMASI (21 MAYIS 2015) (08 NİSAN 2015) (10 ŞUBAT 2015)

Page 8: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

OKUMA BAYRAMI PASKALYA BAYRAMI İST. MDRN. KİDS LAB

( 31 Mart 2015) (16 NİSAN 2015) (5 HAZİRAN 2015)

OKUL TANITIM GEZİLERİ EMİRGAN KORUSU GEZİSİ (28 NİSAN 2015)

PİKNİK (22 Mayıs 2015)

ANA SINIFI MEZUNİYETİMİZ

Page 9: Լեւոն Վարդուհեանէն Լուրերlevonvartuhyan.k12.tr/wp-content/uploads/2016/01/2014-2015-2donem...HAYATA DAİR ÖZLÜ SÖZLER Hayatta en pahalı şey Tecrübedir,

BÜLTENİ HAZIRLAYAN : LUSİA KILINÇLI