14
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Արեւելահայ Բառարանագրական Բարքեր ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 55 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Մինչ արեւելահայ իրականութեան մէջ գործածելի են այդ բոլոր 150.000 բառերն ալ. անշուշտ ո՛չ բոլորին կողմէ եւ ամէն վայրկեան: Պատկերացնենք քիչ մը այն բոլոր մարզերը՝ համալսարանական տասնեակներով մասնագիտութիւններ, բանակ, դատարան, ոստիկանութիւն, արհեստներ, տնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ այլն, որոնց ամէն մէկը ունի իր ուրոյն ու մասնագիտացած բառամթերքը՝ իւրաքաչիւրը բազմահազար միաւորներով, որոնց գումարը ահա կը հասնի ... 150.000-ի, իսկ հայերէնը այդքան բառ չունի, ոչ մէկ ատեն ուենցած է: Ասկէ ալ կը յառաջանայ օտար բառեր որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, որուն տարողութիւնը մենք չենք կրնար ըմբռնել: Մեր երկու բարբառներն ու կէսերր իրարմէ զանազանող իրողութիւններէն մէկն ալ,մտածա՞ծ էիք այս մասին,բառարանագրութիւնն է: Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամէն բանէ առաջ իր արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000 բառայօդուած, մինչ արեւմտահայ բառարանը լաւագոյն պարագային ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛ զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն սահմաններուն մէջ, ուր մենք կը կիրարկենք մեր լեզուն, ան կը պահանջէ հազիւ 57.000 բառ եւ ոչ աւելի: Այս պայմաններուն մէջ մենք դիւրաւ կրնանք մեզի թոյլատրել զուտ հայեցի բառամթերք մը կիրարկելու պերճանքը, այլ խօսքով՝ խօսիլ ու գրել առանց օտար բառ փոխառելու:

Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Արեւելահայ Բառարանագրական Բարքեր

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 55 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Մինչ արեւելահայ իրականութեան մէջ գործածելի են այդ բոլոր 150.000 բառերն ալ. անշուշտ ո՛չ

բոլորին կողմէ եւ ամէն վայրկեան: Պատկերացնենք քիչ մը այն բոլոր մարզերը՝

համալսարանական տասնեակներով մասնագիտութիւններ, բանակ, դատարան,

ոստիկանութիւն, արհեստներ, տնտեսութիւն, արդիւնաբերութիւն եւ այլն, որոնց ամէն մէկը

ունի իր ուրոյն ու մասնագիտացած բառամթերքը՝ իւրաքաչիւրը բազմահազար միաւորներով,

որոնց գումարը ահա կը հասնի ... 150.000-ի, իսկ հայերէնը այդքան բառ չունի, ոչ մէկ ատեն

ուենցած է: Ասկէ ալ կը յառաջանայ օտար բառեր որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը, որուն

տարողութիւնը մենք չենք կրնար ըմբռնել:

Մեր երկու բարբառներն ու կէսերր իրարմէ զանազանող

իրողութիւններէն մէկն ալ,─ մտածա՞ծ էիք այս

մասին,─բառարանագրութիւնն է:

Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամէն բանէ առաջ իր

արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած

բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000

բառայօդուած, մինչ արեւմտահայ բառարանը լաւագոյն

պարագային ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛

զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն

սահմաններուն մէջ, ուր մենք կը կիրարկենք մեր լեզուն, ան

կը պահանջէ հազիւ 5─7.000 բառ եւ ոչ աւելի: Այս

պայմաններուն մէջ մենք դիւրաւ կրնանք մեզի թոյլատրել

զուտ հայեցի բառամթերք մը կիրարկելու պերճանքը, այլ

խօսքով՝ խօսիլ ու գրել առանց օտար բառ փոխառելու:

Page 2: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 55 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Մենք ունինք շատ իմաստուն ասացուածք մը. «Ուտողը չի գիտեր, եփողը գիտէ»: Այո՛, պէտք է

եփող ըլլալ՝ գիտնալու համար, թէ պատրաստուող կերակուրը ինչպիսի՛ նիւթերու կը

կարօտի: Առաջին հետեւութիւնը անշուշտ պիտի ըլլայ այն, որ արեւլահայը ստիպուած է

կատարել փոխառութիւններու մեծ պաշար մը՝ լրացնելու համար իր կարիքները: Սակայն

այս ալ պէտք է ըսել, որ արեւմտահայերս գայթակղեցնողը, ես պիտի ըսեմ՝ խորապէս

խոցողը, չէ՛ բառային այն շերտը, որ կը պակսի մեր լեզուին եւ որուն փոխառումը

անխուսափելի է. օրինակ՝ ինչպէ՞ս պիտն թարգմանենք méthane, éthane, chlore. héxachlorane

եւ այսպիսի անհամար բառեր, որոնք արեւմտահայ բառարանին մէջ չեն մտներ, որովհետեւ

պարզապէս պէտք չունինք այսպիսիներուն, եւ սակայն կը մտնեն արեւելահայ բարքերուն ու

բառարանին մէջ: Մեր թիրախն ալ ասոնք չեն արդէն:

Խնդրոյ առարկան՝ այն առօրեայ տարրական բառերն են, որոնց հայերէնը մեր անմիջական

տրամադրութեան տակն է եւ որոնցմէ անփութօրէն երես կը դարձնէ արեւելահայը, օրինակ՝

աբորտ-վիժում, անոնսել-յայտարարել, էսկորտ-շքախումբ- իմիջ-կերպար... չեմ շարունակեր,

ասոնք շատ մատնանշուած են ու շատ յիշուած, եւ ձեռքս ու աչքերս կը բողոքեն: Մանաւանդ

որ ինձմէ աւելի հետեւողականութեամբ ու հմտութեամբ պայքարողներ չեն պակսիր: Որեմն

կ’անցնիմ, այլ նպատակով ճամբայ ելած եմ ու ահա կը զառածիմ:

Էդուարդ Աղայեան

* * * Յաջորդ խումբը կը կազմեն «ժողովրդա-խօսակցական»

կոչուած բառերը, որոնք հարիւրներու կը հասնին,

բացառուած չէ հազարն ալ, եւ որոնք մասնաւորաբար

...թրքերէն են կամ կու գան այլ լեզուէ մը: Ստորեւ

նմուշներ՝ Էդուարդ Աղայեանի բառարանէն.

իւրաքաչիւրին առջեւ, փակագիծի մէջ, ըսուած է

«ժողովրդական».

խաբար ─ լուր, տեղեկութիւն

չախմախ ─ հրահան, կայծահան

չոբան ─ հովիւ, անտաշ, գռեհիկ

Անշուշտ արեւմտահայուն համար ասոնք անծանօթ

բառեր չեն: Իրականութեան դէմ մեղանչած չեմ ըլլար,

եթէ ըսեմ, որ տեղին համեմատ...մե՛նք ալ կը գործածենք

ասոնք եւ նմանները: Սակայն մեր բառարաններուն մէջ

չենք փոխադրեր զանոնք, ոչ ալ կը սորվեցնենք, թող որ

Page 3: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 55 էջ 3

միշտ ալ ձեւ մը կը գտնենք հասկցնելու նոր սերուդին, թէ ասոնք խորթ են ու

մանաւանդ...թրքերէն են, մեր կոտտացող վէրքերն են եւ պէտք է դարմանենք զանոնք:

Արեւելահայ բառարանագիրը չ’ը՛ներ այս բանը. «ժողովրդական» եւ վե՛րջ. եւ յաջորդական

սերունդները ազատօրէն կ’որդեգրեն այդ «ժողովրդական» բառերը, կ’իւրացնեն եւ կը

յաւերժացնեն զանոնք: Անոնց հոգիներուն մէջ կը յաւերժանայ թրքերէնն ալ, թուրքն ալ, եւ

տարին 12 ամիս Անթալիաները խուժողները մասնաւորաբար այսպիսիներն են:

Ու դա՛րձեալ կ’անցնիմ:

Կայ բառերու երրորդ խումբ մըն ալ, որ նմանապէս տեղ կը գտնէ արեւելահայ

բառաարաններու մէջ. ասոնք ըստ էութեան սխալ կազմութիւն ունեցող, հայ

լեզուաբանութեան եւ ոգիին հակադրուող բառեր են, եւ որոնց տեղ կը տրուի սակայն,

որովհետեւ...ժողովուրդը, բայց նա՛եւ մտաւորականութիւնը այդպէ՛ս կը կիրարկէ զանոնք, եւ

բառարանագիրն ալ չի՛ սրբագրեր: Եւ ահա այսպսիները հանգիստ խիղճով ու թեթեւ ձեռքով

կ’անցնին նաև արեւմտահայ հոսհոսներուն լեզուական բարքերուն մէջ, և ոչ անպայման

ռամիկին, այլ պեխ-մօրուք ճերմկցուցած եւ 20-30 հատորի գրական վաստակ ունեցող

մտաւորականին եւ խմբագիրին եւս:

Ստորեւ նմուշներ՝ իրենց բացատրութեամբ, Էդուարդ Աղայեանի երկհատորէն. պատկերը

նոյնն է արեւելահայ միւս բառարանագիրներուն համար եւս:

1. Յետայսու - սրանից յետոյ, այսուհետեւ

Սխալ կազմութեամբ բառ մըն է այս, որ ծնունդ առած ու այնուհետեւ որդեգրուած է

ընդհանրապէս հայերէն չգիտցող, սակայն յատկապէս տարրական գրաբարը անգիտացող

անձերու կողմէ: Ահա թէ ինչո՛ւ. յետ նախադրութիւնը սեռական հոլով խնդիր կը պահանջէ իր

քովը, օրինակ՝ յետ մահու, յետ պատերազմի, յետ բանակցութեան եւ այլն, իսկ այսու՝

գործիական հոլով է, ուրեմն յետայսու ըսել համազօր է յետ մահով ըսելու, կամ յետ

պատերազմով, կամ յետ բանակցութեամբ, ինչ որ հայերէն չէ, լեզու ալ չէ: Տեսականօրէն

կարելի է ըսել՝ յետ այսր կամ յետ այսորիկ, սակայն ասոնք ալ շատ գրաբար են, չենք կրնար

ետ դարձ կատարել ու գրաբար խօսիլ: Պարզ է, ուրեմն, նման բառ չունի՛ աշխարհաբարը եւ

վե՛րջ: Ունինք միւռոնի պէս ընտիր ու բիւրեղի պէս մաքուր այսուհետեւ, այդուհետեւ,

այնուհետեւ բառերը եւ կրնանք ազատօրէն գործածել ասոնք թէ՛ արեւմտահայերէնի, թէ՛

արեւելահայերէնի մէջ:

Page 4: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

www.facebook.com/RAGmamoul

2. Ութնեակ - նոյնն է՝ ութեակ

Բացարձակապէս ո՛չ, նոյնը չէ՛: Բառս կազմուած է

ութ եւ եակ բաղադրիչներով եւ կրնայ տալ միա՛յն

ութեակ, ճիշդ ինչպէս՝ քառ-եակ>քառեակ, հինգ-

եակ>հնգեակ, վեց-եակ>վեցեակ, ուրեմն նաեւ՝ ութ-

եակ>ութեակ: Բայց կ’ըսենք՝ եօթնեակ, իննեակ,

տասնեակ, որովհետեւ ասոնք կազմուած են

հետեւեալ բաղադրիչներով՝ եօթն+եակ, ինն+եակ,

տասն+եակ, այլ խօսքով՝ ասոնց մէջ երեւցող «ն»

բաղաձայնները արմատական են, ինչ որ կը պակսի

հինգ, վեց, ութ բառերուն:

3. Ցաւազրկել - ցաւից զրկել, այնպէս անել, որ ցաւ

չպատճառէ

Ցաւազուրկ - ցաւազերծ

Դա՛րձեալ ոչ. ցաւը վերացնելը կամ ցաւը բառնալը

զրկանք մը չէ, որպէսզի ցաւազրկել կոչենք բայը, իսկ

ցաւը բարձող, ցաւը ջնջող դեղն ալ կոչենք

ցաւազրկիչ, ինչպէս իր մէկ դասախօսութեան մէջ

վերջերս այստեղ «բժշկագիտական»

դասախօսութեան մը առթիւ

Ուրբաթ, 28 Մարտ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 55 էջ 4

դասախօսութեան մը առթիւ Երեւան ուսանած դասախօսը կ’անուանէր կարգ մը դեղերը: Բայս

պէտք է ըլլայ միա՛յն ցաւազերծել, ածականը՝ ցաւազերծ, համապատասխան դեղը՝ ցաւազերծիչ

(analgésique ):

Զուրկ եւ զրկել բառերով հայերէնը կը բնորոշէ դրական իրողութեան մը կամ վիճակի մը

բացակայութիւնը կամ վերացումը, օրինակ՝ տնազուրկ, հայրենազուրկ-հայրենազրկել,

ծնողազուրկ, իրաւազուրկ-իրաւազրկել եւ այլն: Բայց ո՛չ ցաւազրկել, ցաւազուրկ եւ ցաւազրկիչ.

այս երեքը անհեթեթութիւններ են իբրեւ յղացք, եւ թոյլատրելի չէ, որ ասոնք գոյութին ունենան

լեզուի մէջ, աղարտեն զայն, առաւել եւս մտնեն բառարան ու մանաւանդ...ուսուցուին:

Իսկ զերծ եւ զերծել բառերով կը բնորոշենք բացասական իրողութեան մը բացակայութիւնը կամ

վերացումը, օրինակ՝ վնասազերծ-վնասազերծել, ականազերծ-ականազերծել, վարակազերծ-

վարակազերծել, ախտազերծ-ախտազերծել եւ ուրեմն...ցաւազերծ-ցաւազերծել-ցաւազերծիչ:

Պէյրութ, Լիբանան

Page 5: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 6: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/03/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 7: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 8: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 9: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 10: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 11: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 12: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 13: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan
Page 14: Arevelahay pararanakragan parker by armenag yeghiayan

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]