15
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ Իրաքէն Առաքելութիւն. Ֆայէզին Ցաւը Եւ Կոչումը ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: կորսնցնել Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան: Ցրուեցանք քիչ մը ամէն տեղ, թէեւ կրկին կազմաւորուեցանք եւ կազմակերպեցինք մեր սփիւռքեան կեանքը, բայց մնաց ու տակաւին դամոկլեան սուրի նման մեր վերեւ կախուած կը մնայ ձուլումի ու այլասերումի երեւոյթն ու վտանգը, իսկ ասոնց իբրեւ հետեւանք` լեզուն եւ արմատներուն կառչածութիւնը կորսնցնելու իրավիճակը: Մեր իրականութեան մէջ կան տարբեր «պարունակով» հայեր: Եթէ մէկ կողմէ կան իսլամացած(ուած) հայեր, կան նաեւ քրտացածներն ու, տակաւին, արաբացածները: Եթէ տակաւին չհաշուենք այն բազմահազար (եւ թերեւս աւելի՞) հայերը, որոնք ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր հանգրուաններէ անցնելով` ձուլուած են հոս ու հոն` տարբեր երկիրներու ու գաղութներու մէջ: Հոն միայն պատմութեան արխիւները բանալով է, որ կը գտնես անոնց արմատները, թէ` անոնք ժառանգորդներն են ազգային ու հին աւանդ ունեցող ժողովուրդի մը: Այս երեւոյթները մեր պատմութեան անցած «սեւ» փորձառութիւններուն հետեւանքներն են` հայութեան եւ հայրենիքի վրայ կատարուած յարձակումներ, տեղահանութիւններ, իսկ ամէնէն ահաւորը` ցեղասպանութիւն, հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալ,

Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Իրաքէն Առաքելութիւն.

Ֆայէզին Ցաւը Եւ Կոչումը

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

կորսնցնել Արեւմտահայաստանն ու Կիլիկիան: Ցրուեցանք քիչ մը ամէն տեղ, թէեւ կրկին

կազմաւորուեցանք եւ կազմակերպեցինք մեր սփիւռքեան կեանքը, բայց մնաց ու տակաւին

դամոկլեան սուրի նման մեր վերեւ կախուած կը մնայ ձուլումի ու այլասերումի երեւոյթն ու

վտանգը, իսկ ասոնց իբրեւ հետեւանք` լեզուն եւ արմատներուն կառչածութիւնը կորսնցնելու

իրավիճակը:

Մեր իրականութեան մէջ կան տարբեր «պարունակով»

հայեր: Եթէ մէկ կողմէ կան իսլամացած(ուած) հայեր, կան

նաեւ քրտացածներն ու, տակաւին, արաբացածները: Եթէ

տակաւին չհաշուենք այն բազմահազար (եւ թերեւս աւելի՞)

հայերը, որոնք ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր

հանգրուաններէ անցնելով` ձուլուած են հոս ու հոն` տարբեր

երկիրներու ու գաղութներու մէջ: Հոն միայն պատմութեան

արխիւները բանալով է, որ կը գտնես անոնց արմատները,

թէ` անոնք ժառանգորդներն են ազգային ու հին աւանդ

ունեցող ժողովուրդի մը:

Այս երեւոյթները մեր պատմութեան անցած «սեւ»

փորձառութիւններուն հետեւանքներն են` հայութեան եւ

հայրենիքի վրայ կատարուած յարձակումներ,

տեղահանութիւններ, իսկ ամէնէն ահաւորը`

ցեղասպանութիւն, հայրենի հողէն արմատախիլ ըլլալ,

Page 2: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 2

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

Ֆայէզ Ժըրժէսը ծնած է Պաղտատ, 1966-ին: Մօրը` Էվլինի ընտանիքը եղած է հայ, որ

Մարտինէն տեղահանուած է Ցեղասպանութենէն ետք եւ հաստատուած` Պաղտատ, Իրաք:

Կարելիութեան սահմաններուն մէջ Էվլին փորձած է հայ մեծնալ, բայց իրեն վիճակուած է

ամուսնանալ տեղացիի մը հետ եւ կազմել բազմանդամ ընտանիք մը` հինգ զաւակներէ

բաղկացած: Ֆայէզ միակ մանչ զաւակն է` չորս քոյրերու կողքին:

Ֆայէզ չէ ճանչցած իր հայրը: Երեք ամսուան էր, երբ իրաքցի հայրը կորսնցուցած է եւ ճաշակած

է որբ մեծնալու դառն իրականութիւնը: Բայց ասիկա թափ տուած է մօրը, որպէսզի Ֆայէզին

դաստիարակութեան մէջ աւելի արմատանայ հայկական ինքնութիւնը: Այսպիսով կը սկսի

Ֆայէզի հայկական ինքնութեան ճանաչման եւ կազմաւորման գործընթացը:

1970-ական թուականներուն փոքր պատանի Ֆայէզ կը հասնի Այնճար` Լիբանան եւ

կ'ընդունուի հայ կաթողիկէ վարժարան` իբրեւ գիշերօթիկի սան: «Այնճարը եղաւ իմ հայկական

ինքնութեանս կերտումին կարեւոր շրջանը: Հոն է, որ սրտիս ու հոգիիս մէջ լեցուեցաւ հայուն

հպարտութիւնը», կ'ըսէ Ֆայէզ: Իսկ հպարտութի՞ւնը… Ֆայէզի անգիր ըրած առաջին փոքր

բանաստեղծութենէն փոխանցուած է. «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանին թոռն եմ ես»:

«Վարդանի թոռը» ըլլալու գիտակցութեամբ եւ հայերէն տառերն ու լեզուն սորվելու

իրողութեամբ, գէթ սկզբնական շրջանին, Այնճարը կարեւոր դեր կ'ունենայ Ֆայէզի կեանքին

մէջ:

Ձախէն աջ՝ Նաուալ եւ Ֆայէզ Ժըրժէս եւ Հրայր Ճէպէճեան

Page 3: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 3

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին (1975-1976) Ֆայէզ ստիպուած կ'ըլլայ վերադառնալ

Պաղտատ: Իրաքի մէջ փորձառութիւնը կ'ըլլայ «խառն»: Կ'անջատուի հայութենէն, սակայն

ատիկա «դիտումնաւոր չէր», կը շեշտէ Ֆայէզ: «Կեանքի պայմանները շատ դիւրին չէին, Իրաքի

մէջ որպէս հայկական գաղութ` շատ մեծ կարելիութիւններ չունինք», կը շարունակէ ան: Ֆայէզ

այսօր տակաւին կրնայ հայերէն կարդալ, բայց բառամթերքը եւ բառերուն նշանակութիւնը

բաւական մոռցած է:

1995-ին Ֆայեզ կ'ամուսնանայ Նաուալին հետ, կը կազմեն ընտանեկան բոյն մը: Նաուալը

հայկական Թիւֆենքճեան ընտանիքէն է, անոր ծնողները Ցեղասպանութենէն ետք հաստատուած

են Իրաքի հարաւային շրջաններ: Նաուալ եւ իր ընտանիքը մաս կը կազմեն արաբացած հայերու

խմբակին:

Ֆայէզի, նաեւ` Նաուալի, ցաւը կը սկսի, երբ կ'ունենան իրենց անդրանիկ մանչ զաւակը: Ան կը

ծնի անկար ու հիւանդ: Ֆայէզ, որ արդէն ճաշակած էր որբութեան եւ առանց հօր գուրգուրանքի

կեանքը, կը տագնապի իր զաւակին հիւանդագին վիճակին ի տես: Իր զաւակին առողջական այդ

տագնապալի վիճակին հետ կը սկսի մեծնալ նաեւ Ֆայէզի ցաւը:

Սակայն Ֆայէզի ցաւը զինք չ'առաջնորդեր յուսահատութեան եւ յուսալքումի…: Ան սորված էր,

որ «Վարդանի թոռ»-ն էր, եւ թէ ինք «քաջ» հայն էր: Ու տակաւին. «Մայրս մեզի պատմած էր

տեղահանութեան ընթացքին իր ծնողաց կրած զրկանքներուն մասին», կ'ըսէ Ֆայէզ: Ուստի

կարելի չէր, որ «ես յուսահատէի, երբ իմ մեծ ծնողքս կրցան ապրիլ այդ բոլոր կոտորածներէն

ետք»:

Ֆայէզ կը գիտակցի, թէ իր ցաւի կեանքը պէտք էր վերածել նուիրականութեան, ծառայութեան`

հաւաքական աշխատանքի համար: Այս իմաստով ան կը սկսի անդրադառնալ «կոչումի» մը, որ

իր կեանքը պիտի դարձնէր նշանակալից եւ արժէքի գիտակցութեամբ լի:

Ֆայէզ իր կոչումի վերածուած կեանքը կը դնէ ի սպաս եկեղեցական ու քրիստոնէական-հոգեւոր

ծառայութեան: Ան աստուածաբանական ուսում կը ստանայ եւ քառասուն տարեկանին կը

ձեռնադրուի կղերական` ծառայելու համար Պաղտատի մէջ գտնուող Անկլիքան եկեղեցւոյ: Ան

մինչեւ օրս իր ծառայութիւնը կը շարունակէ, նոյնիսկ երբ կեանքը դժուար է Իրաքի մէջ, եւ ամէն

օր մահուան վտանգին ու սպառնալիքներուն մէջ է` ներառեալ որպէս քրիստոնեայ

ներկայութիւն:

Ֆայէզ լծուած է իրաքեան հայրենիքին ծառայութեան: Եկեղեցւոյ կողքին կը գործէ փոքրիկ

հիւանդանոց մը, ուր բժշկական խնամք կը հայթայթէ անխտիր ամբողջ ժողովուրդին: Եկեղեցին

ունի մանկապարտէզ մը, որուն աշակերտները մեծաւ մասամբ տեղացիներ են, եւ ուր կը սորվին

նաեւ Քրիստոսի սիրոյ մասին: Ֆայէզ կը ծրագրէ մանկապարտէզի բաժանմունքը վերածել

Page 4: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

կը զգաս երբ Իրաքի ներկայ այս վախ ու դողին մէջ կը շարունակես գործել», հարցուցի:

Ֆայէզի դէմքին վրայ ուրուագծուեցաւ փոքրիկ ժպիտ մը, որուն ետին կը տեսնէիր նոյնքան

պատմութիւն եւ մտահոգութիւն: Կարելի եղաւ անոր դէմքին արտայայտութիւնը «ըմբոշխնել»,

որովհետեւ իբրեւ լիբանանցի կայ նաեւ իմ (մեր) լիբանանեան ապրած (տակաւին շարունակուող)

կեանքի փորձառութիւնը` իր որոշակի նմանութիւններով:

«Երկիրը ամբողջ վնասի մէջ է», ըսաւ Ֆայէզ: «Եւ վնասին ո՛ր կողմն ալ որ դառնաս, շահ է:

Ապահովութիւն չունինք եւ սորվեցանք մեր կեանքերուն խաղաղութիւն տալ` կեանքեր կերտելով

անապահովութիւններուն մէջ»:

Իսկ խաղաղութեան կեանքե՞րը: Ֆայէզն է դարձեալ. «Մարդուն խաղաղութիւնը իր հոգիին մէջն է

եւ Քրիստոսով է», եզրակացուց:

Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 4

Պաղտատի Անկլիքան Ս. Գէորգ եկեղեցին

նախակրթարանի: Ան լծուած է

քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, քանի

որ կը հաւատայ կրօններու եւ

ինքնութիւններու գոյակցութեան, եւ որ

Իրաքի մէջ կայունութիւն կարելի է

հաստատել երբ կայ համերաշխութիւն:

Նաուալը կանոնաւոր կերպով կը

կազմակերպէ տիկնանց հաւաք`

շաբաթական դրութեամբ, ուր քրիստոնեայ

եւ իսլամ աւելի քան երեք հարիւր կիներ կը

հանդիպին եւ կը սորվին իրարու հետ

ապրիլ եւ գոյակցիլ` քրիստոնէական սիրոյ

հասկացութեան մէջ:

Բայց եթէ կայ Ֆայէզի կոչումին

խանդավառութիւնը, նոյնքան առկայ է նաեւ

մտահոգութիւնը: «Քրիստոնեայ

ներկայութիւնը ալ աւելիով կը նուազի»,

կ'ըսէ Ֆայէզ: «Չենք կրնար կասեցնել

արտագաղթը»:

Իրաքի քաղաքական անապահով

վիճակներուն մէջ` գրեթէ ամէնօրեայ

դրութեամբ ականուած ինքնաշարժներու

պայթումներ, որոնք մեծաթիւ զոհեր կը խլեն

ու իսկական արհաւիրք կը ստեղծեն: «Ի՞նչ

Page 5: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

www.facebook.com/RAGmamoul

Ու Ֆայէզ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` խաղաղութեան կեանքեր կերտել ոչ

խաղաղ եւ անապահով Իրաքի մէջ:

Եթէ Ֆայէզի հետ հանդիպումս եղաւ քաջալերական, բայց նաեւ` խոստմնալից: «Կարօտը ունիմ

կրկին հայերէն լեզուին տիրապետելու», ըսաւ Ֆայէզ: «Վերստին պիտի սորվիմ ու յիշեմ:

Հայկական ինքնութիւնը ինծի համար ԱՐԺԷՔ է»:

Ֆայէզ կը պատկանի փաղանգին այն նուիրեալներուն, որոնք իրենց ապրած (ու տակաւին

ապրող) ցաւոտ կեանքերը վերածած են կոչումի: Եւ եթէ կոչումը մէկ կողմէ հաւաքական

աշխատանքի ու ծառայութեան համար է, բայց նաեւ ազգային ինքնութեան եւ անոր արժէքին

ինքնագիտակցութեան: Ինքնագիտակցութիւն մը, որ կոտորակուած ու խառնուած ըլլալով

հանդերձ, անպայման դուրս կը ժայթքի որպէս ամուր եւ մղիչ ուժ: Ա՛յս ուժով է, որ ցաւոտ

կեանքերը կը վերածուին կոչումի:

Հայուն պատմութեան փորձն ու փորձառութիւնն է ասիկա… ցաւոտ պատմութիւնը վերածել

կոչումի` նուիրական կեանքի:

Այս կոչումին մէջ է հայուն պատմութեան եւ կեանքի շարունակականութեան գրաւականը:

Նիկոսիա, Կիպրոս

Երկուշաբթի, 7 Ապրիլ 2014 9րդ Տարի, Թիւ 61 էջ 5

Page 6: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 7: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/05/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 8: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 9: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 10: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 11: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 12: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 13: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 14: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian
Page 15: Iraq en arakeloutyoun fayezin tsav ue yev kochoum ue by hrayr jebejian

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ԱՍԱՏՈՒՐ ՏԷՎԼԵԹԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ (Պէյրութ, Լիբանան)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +374 77 00 22 11 Հեռատիպ +1 647 435 0800

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող թղթակցութիւններ, ինչպէս նաեւ

ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի հասցէատէրերու,

բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, օրական մէկ նիւթի դրութեամբ, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ

բոլորին հասանելի կերպով, մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր

գրասենեակներուն մէջ սիրով խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են

ազգային առումով կենսական հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝

Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]