19
è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝ «ԿԵԱՆՔԻՍ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ» ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 1 Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի: Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը: Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն ներողամտութեան: Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ժամանակակից ծառայողներու փաղանգին մէջ ստուար է թիւը այն հոգեւոր գործիչներուն, որոնք իրենց հովուական ասպարէզի կողքին, մշակած ըլլան գիր ու գրականութիւն եւ սպիտակ թուղթին յանձնած ըլլան միտք եւ կարծիք, բան ու բանիւ, գիր եւ դպրութիւն, յուշ եւ պատմութիւն: Հիւսիսային Ամերիկայի տարածաշրջանին մէջ այդ փաղանգի ռահվիրան կը հանդիսանայ վեր. տոքթ. Վահան Թութիկեանը, որ վերջերս լոյս ընծայեց իր 36րդ հատորը, անգլերէն լեզուով, խորագրուած «My Life Journey» «Կեանքիս Ճանապարհը»: Թիւերու խաղ չէ այս անշուշտ: 36 հատորներու հեղինակ մը կենդանի վկան է Յակոբ Առաքեալի հաւատքը ողջ պահող գործո՛ղ ծառային: Արդարեւ՝ քարոզիչ, դասախօս, պատմագէտ, հովիւ, Օրուայ Յօդուածը www.facebook.com/RAGmamoul Հայրենի Լուրեր - Ստեփանակերտի Օդակայանը Զբօսա- շրջիկներու Համար Թռիչքներ Կիրականացնէ. - (Տեսնել՝ էջ 8) - Լաւագոյն Երկիրներ”-ու Ցուցակով Հայաս- տանը Առաջ Անցած Է Հարեւան Պետութիւններէն (Տեսնել՝ էջ 8) - Երեւանի Մէջ «Հիրոշիմայի Խաղաղութեան Քար» Յուշաքարը Տեղադրուած Է (Տեսնել՝ էջ 9) Լուրեր Սփիւռքէն Ուաշինկթըն, ԱՄՆ Ամն Քոնկրեսը Վաղը Պիտի Քուէարկէ Թուրքիոյ Կողմէ Եկեղեցական Գոյքի Վերադարձման Հարցը (Տեսնել՝ էջ 10) Սպանիա Նաւարայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը (Տեսնել՝ էջ 11) Մշակութային Լուրեր Նոր Հրատարակութիւն. Sisters Of Mercy And Survival Armenian Nurses (1900-1930) (Տեսնել՝ էջ 12) «Քանզի ինչպէս մարմինը առանց հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ հաւատքը առանց գործերու մեռած է»: Յակոբ Բ:26

Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Embed Size (px)

DESCRIPTION

RAG MAMOUL’s aim is to produce, broadcast and publish a digital communication journal that will be distributed throughout a vast network of 25,000+ qualified Armenian recipients, in Armenia and the Diaspora. Articles from well-known authors, issues affecting Armenia and Armenians, reports of events organized in Armenia and the Diaspora, press releases and general commentary/viewpoints will be the mainstay basis of this undertaking. By taking advantage of modern technology, we will be disseminating acceptable (Edited) information, in as many languages as possible, and will endeavour to publish at least one article per day at the minimum. This massive and growing digital reach, should be very attractive to concerned columnists, readers and advertisers as it will be prepared and presented in a visually simple, easy to read and attractive format.

Citation preview

Page 1: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝ ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ ԹՈՒԹԻԿԵԱՆԻ

ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ՝

«ԿԵԱՆՔԻՍ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ»

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 1

Դաւանելով ռամկավար եւ ազատական սկզբունքներ, կը հաւատանք բազմակարծութեան եւ ազատ խօսքի իրաւունքի:

Հետեւաբար՝ հոս հրատարակուած գրութիւնները անպայման չեն արտայայտեր խմբագրութեանս տեսակէտը:

Կամքէ անկախ սպրդած վրիպակներու պարագային, կ՛ապաւինինք յօդուածագիրներուն եւ մեր ընթերցողներուն

ներողամտութեան:

Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ ժամանակակից

ծառայողներու փաղանգին մէջ ստուար է թիւը այն

հոգեւոր գործիչներուն, որոնք իրենց հովուական

ասպարէզի կողքին, մշակած ըլլան գիր ու

գրականութիւն եւ սպիտակ թուղթին յանձնած ըլլան

միտք եւ կարծիք, բան ու բանիւ, գիր եւ դպրութիւն, յուշ

եւ պատմութիւն:

Հիւսիսային Ամերիկայի տարածաշրջանին մէջ այդ

փաղանգի ռահվիրան կը հանդիսանայ վեր. տոքթ.

Վահան Թութիկեանը, որ վերջերս լոյս ընծայեց իր

36րդ հատորը, անգլերէն լեզուով, խորագրուած «My

Life Journey» – «Կեանքիս Ճանապարհը»:

Թիւերու խաղ չէ այս անշուշտ: 36 հատորներու

հեղինակ մը կենդանի վկան է Յակոբ Առաքեալի

հաւատքը ողջ պահող գործո՛ղ ծառային:

Արդարեւ՝ քարոզիչ, դասախօս, պատմագէտ, հովիւ,

Օրուայ Յօդուածը

9րդ Տարի, Թիւ 74 էջ 1

www.facebook.com/RAGmamoul

Հայրենի Լուրեր - Ստեփանակերտի Օդակայանը Զբօսա-

շրջիկներու Համար Թռիչքներ Կիրականացնէ. - (Տեսնել՝ էջ 8)

- “Լաւագոյն Երկիրներ”-ու Ցուցակով Հայաս-

տանը Առաջ Անցած Է Հարեւան

Պետութիւններէն (Տեսնել՝ էջ 8)

- Երեւանի Մէջ «Հիրոշիմայի Խաղաղութեան

Քար» Յուշաքարը Տեղադրուած Է (Տեսնել՝ էջ 9)

Լուրեր Սփիւռքէն Ուաշինկթըն, ԱՄՆ Ամն Քոնկրեսը Վաղը Պիտի Քուէարկէ Թուրքիոյ Կողմէ

Եկեղեցական Գոյքի Վերադարձման Հարցը

(Տեսնել՝ էջ 10)

Սպանիա Նաւարայի Խորհրդարանը Կը Ճանչնայ Հայկական

Ցեղասպանութիւնը (Տեսնել՝ էջ 11)

Մշակութային Լուրեր Նոր Հրատարակութիւն. Sisters Of Mercy And Survival –

Armenian Nurses (1900-1930) (Տեսնել՝ էջ 12)

«Քանզի ինչպէս մարմինը առանց

հոգիի մեռած է, նոյնպէս ալ

հաւատքը առանց գործերու

մեռած է»: Յակոբ Բ:26

Page 2: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 2

Վեր. Դոկտ. Վահան Թութիկեան

«Այս հատորով ջանացած եմ ժամանակագրական կարգով նկարագրել իմ անհատական եւ հանրային

կեանքի, ինչպէս նաեւ գաղութային եւ մասնագիտական կեանքի զանազան երեսները, որպէս հովիւ,

կրթական գործիչ, գրող, վարիչ-ղեկավար եւ համայնքային առաջնորդ»:

Արդարեւ, Դամասկոս, Սուրիայէն սկսած ծառայութեան դաշտէն մինչեւ Գահիրէ եւ Աղեքսանտրիա,

Եգիպտոս, ապա Պոսթըն եւ Տիթրոյիթ, Միացեալ Նահանգներ երկարած ամբողջ ճանապարհին,

վերապատուելին մեղուաջան աշխատանքով նուիրուած է իր հօտին, համայնքին եւ ժողովուրդի

ծառայութեան եւ առաջնորդութեան, հաւատարիմ մնալով Աստուծոյ ծառայութեան դաշտին մէջ գործելու իր

ուխտին եւ կոչումին:

Գերազանցօրէն հեզասահ ընթերցումի սահմանուած այս հատորը բաղկացած է 13 գլուխներէ, որոնցմէ

իւրաքանչիւրը ինքնին բաժնուած է ենթախորագրուած եւ թուագրուած մասնաբաժիններու, դիւրացնելով եւ

հաճոյացնելով ժամանակագրական շարքով նկարագրուած վերապատուելիին կեանքի ճանապարհը:

Վերապատուելի Թութիկեանի «Կեանքիս Ճանապարհը»ն սկիզբ կ՛առնէ դրախտային Քեսապի զուտ Հայ

աւետարանական համայնքի զաւակներով բնակուած Էքիզօլուք գիւղէն, ուր խարիսխ նետած են Թութիկեան

գերդաստանի արմատները: Թութիկեանները 19րդ դարու կէսերուն եղած են Հայ աւետարանական շարժումի

ռահվիրաները եւ ապա՝ հիմնադիր յառաջապահները Էքիզօլուքի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ:

Ահա այդ կրօնաշունչ, աստուածապաշտ եւ ջերմեռանդ հաւատացեալ մթնոլորտին եւ շրջապատին մէջ է, որ

հասակ կ՛առնէ Վահան Թութիկեան, յաճախելով տեղւոյն Հայ աւետարանական վարժարանը եւ եկեղեցին,

ուր քրիստոնէական դաստիարակութիւնն եւ Աստուածաշունչ մատեանը, առանցքը կը կազմէին որդեգրուած

կրթական ծրագիրին:

Գրքի առաջին չորս գլուխները պատմականն են վերապատուելիին ընտանեկան ծառի ծանօթ արմատներուն,

հոգեւոր դաստիարակութեան ակունքներուն, ծնողական կանուխ ազդեցութեան եւ նախնական ուսման շուրջ

հիւսուած պատմութեան:

ՌԱԿ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նորագոյն

նախաձեռնութիւնը՝ ի սպաս Հայ դպրութեան

աստուածաբան եւ հրապարակախօս վերապատուելիին,

բազմաբեղուն աշխատանքի եւ առատ արգասիքի հունձքի

վերջին օղակն է իր գիտակից կեանքի օղակներու

շարանին պատմութիւնը հիւսող եւ աշխատանքի

հոլովոյթը ներկայացնող, պատկերալից եւ արդիւնաբեր

կեանքի մը խօսուն վկան հանդիսացող այս վերջին

հատորը:

Գեղատիպ հատորի մը 400 էջերու մէջ խտացած կեանքի

պատմութեան բացատրականը տալով, վեր. Թութիկեան

իր ներածականին մէջ կ՛ըսէ. «Սոյն հատորը, կեանքի

պատմական մը ըլլալու կողքին, արձանագրութիւնն է իմ

հովուական, կրթական, եւ հանրային ծառայութեան

անցնող 55 տարիներու ընթացքին» եւ կը շարունակէ.

Page 3: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Վերապատուելին, իր ծնողքի բարի օրինակին ազդեցութեան տակ, ըլլալով մոլի ընթերցող մը, հաճոյքով եւ

ինքնագոհ հպարտութեամբ կը պատմէ իր մանկութեան առաջին յաջող առեւտուրին մասին, երբ շրջուն

գրավաճառի մը հետ, եօթ տարեկան հասակին, Նոր Կտակարան մը կը փոխանակէ, Թութիկեաններու

հաւնոցէն դուրս ելած եօթը թարմ հաւկիթներով: Առեւտրական յաջող ներդրում մը արդարեւ, զոր

պատուելին՝ իր կեանքի ճանապարհին վրայ երկարած, հոգեկան բազմապատկուած շահի աղբիւր մը կը

սեպէ:

Յատկանշական է իմանալ, թէ Թութիկեանի եւ իր նմաններու մանկական աշխարհի առաջին լեզուն եղած է

քեսապեան բարբառը, զոր ան եւ իր սերնդակիցները հարազատօրէն կը պահեն մինչեւ այսօր: Հայերէն

լեզուն յաջորդած է վարժարանի գրասեղաններու վրայ, մինչ տան մէջ եւ համագիւղացիներու միջեւ

յաղորդակցութեան լեզուն եղած է քեսապեան բարբառը: Ահա թէ ինչպէս գուրգուրանքով եւ յարատեւ

գործածութեամբ կը պահուի ազգային հարուստ մշակութային գանձ մը:

Ուսման ճանապարհին, գիւղէն հեռանալէ առաջ, վեր. Թութիկեան կը հաստատէ, թէ ան արդէն զինուած էր

մարդկային արժէքներու նժարին վրայ դրուած ծանրութիւններով, սորված ըլլալով, թէ կեանքի մեծագոյն

մղիչ ուժը՝ սէրն է, մեծագոյն հարստութիւնը՝ հաւատքը, մեծագոյն գանձը՝ ուղղամտութիւնը, մեծագոյն ինք-

նագոհացումը՝ օգնութեան ձեռք երկարելը եւ մեծագոյն հաճոյքը՝ տալն է:

«Կեանքիս Ճանապարհը»ի հինգ-եօթներորդ գլուխները, պատանի Թութիկեանը կ՛առաջնորդէն գիւղէն

դուրս, սուզուելու քաղաքային աւազանին մէջ, ուր ան յաջորդաբար կ՛ա-մբողջացնէ միջնակարգի եւ

երկրորդականի ուսումը Էշրէֆիէյի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարանին մէջ, Պէյրութ, ապա

մէկ տարի «Freshman»՝ Հալէպի քոլեճ, եւ կրկին Պէյրութ, ուր զուգահեռ ուղիով 1959ին, բարձրագոյն

յիշատակութեամբ եւ արդէն որպէս հասուն եւ գիտակից երիտասարդ, կ՛աւարտէ Ամերիկեան

համալսարանի Պսակաւոր արուեստի եւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական ճեմարանի զոյգ

դասընթացքները, ստանալով համապատասխան վկայականներ:

Թութիկեանի կեանքի այդ ճանապարհին յատկանշական, անկիւնադարձային եւ յիշատակելի ցայտուն

քանի մը դէպքեր, դէմքեր եւ երեւոյթներ արժանի են յիշատակութեան:

Պատանի Վահան 1948ի ամրան կը մասնակցի Հայ աւետարանական քրիստոնեական æանից ամառնային

ճամբարի մը, գումարուած Սուրիոյ ծովեզերեայ Պետրուսիէ քաղաքին մէջ: Հոն՝ վայելելով ճամբարի

առաջնորդ վեր. Աւետիս Հասեսեանի քրիստոնեաշունչ սէրը, գուրգուրանքն ու ջերմութիւնը, համագումարի

աւարտին, կենդանի համոզումով մը եւ սուրբ հոգիի ներգործութեամբ, իր կեանքը կը նուիրէ Քրիստոսի: Այդ

նուիրումը պիտի ըլլար վերապատուելիին Աստուծոյ ծառայութեան դաշտը ասպարէզ ընտրելու կոչումին

հիմնաքարը:

Հայաբոյր Քէսապը իր բարեխառն եւ գրաւիչ կլիմայով, իր գիւղական եւ հրաշագեղ բնութեամբ եղած է

հալէպահայութեան նախընտրած հարազատ ամառանոցը: 1952ին, նախախնամութեան կարգադրութեամբ

Հալէպէն Նազարեան ընտանիքը իրենց ամառուան արձակուրդին համար երկու սենեակներ կը վարձեն

Թութիկեաններու Էքիզօլուքի տունէն: Այդ շրջանին սկսած ծանօթութիւնը Նազարեաններու դստեր՝

ջանիցական Ժուլիէթին հետ, զարգանալով Վահանի Հալէպի քոլեճ ուսանած տարուան ընթացքին եւ

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 3

Page 4: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

խարսխուելով փոխադարձ սիրոյ վրայ, 1959ին կ՛առաջնորդեն ամոլը սուրբ պսակի խորհուրդին, որոնք

իրենց խօստումները կը փոխանակեն այն վայրին մէջ ու հանդիպած էին առաջին անգամ՝ Էքիզօլուքի Հայ

աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ: Երջանիկ ամոլը կը բախտաւորուի երեք աղջիկ զաւակներով:

Նախախնամութեան կամքը սակայն 1985ին, ՄՆու մէջ անողոք հիւանդութեան մը որպէս արդիւնք կը հնձէ

Ժուլիէթը, Աստուծոյ մխիթարութեան յանձնելով վերապատուելին եւ իր դուստրերը:

Համալսարանական եւ Աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման շրջանը առիթ կ՛ըլլայ կոփելու Վահան

Թութիկեանի համոզումները, գաղափարները եւ ծառայութեան ասպարէզի ու կեանքի փիլիսոփայութիւնը:

Աստուածաբանական համագումարի մը բնաբանը՝ «Տօնախմբենք մեր նմանութիւններն ու

զանազանութիւնները», զարթնեցուցիչ դեր մը կ՛ունենայ իր մտածողութեան վրայ, որուն բացած հունին մէջ

տակաւ առ տակաւ ան կ՛արմատացնէ իր համոզումները:

Թութիկեան, համոզումով կը հաստատէ, թէ «Տիեզերականութիւնը (Ecumenicity) չի նօսրացներ անհատին

համոզումները եւ չի ժխտեր անոր սկզբունքները: Որպէս քրիստոնեաներ սակայն, մենք կոչուած ենք սիրելու

զիրար եւ գոյանալու միութեան մէջ»: Խտացնելով Աստուածաբանական ճեմարանի ուսուցման ուղիի մէջ իր

նախընտրութիւնը, Թութիկեան կ՛եզրակացնէ. «Այն ինչ որ գոհացուցիչ էր Աստուածաբանականի մէջ,

մտածելու եւ արտայայտուելու ազատութիւնն էր, ազատութիւնը՝ հաւատքի մասին հարցումներ ուղղելու:»

Ապա կ՛աւելցնէ. «Ես կը հաւատամ թէ հետաքրքիր միտք մը, Ստեղծագործին պարգեւած մեծագոյն

օրհնութիւններէն է Իր արարածներուն»:

Վեր. Թութիկեանի «Կեանքի Ճանապարհը»ի 9-12րդ գլուխները կը նկարագրեն երիտասարդ շրջանաւարտ

հովիւին ծառայութիւնները չորս գլխաւոր հօտերէ ներս, երկուքը՝ Միջին Արեւելքի եւ երկուքը՝ Միացեալ

Նահանգներու մէջ: Թութիկեանի ծառայութեան առաջին դաշտը կը պատահի ըլլալ սուրիական

մայրաքաղաք Դամասկոսի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ բեմը եւ անոր հովանիին տակ գտնուող Հայ

աւետարանական ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որեւէ նորուս շրջանաւարտի մը համար այս

պատասխանատուութեամբ վստահուած պաշտօնները ակնկալելի է, որ ունենան իրենց լուրջ

մարտահրաւերները: Թութիկեան սակայն հարցերուն կը մօտենայ ինքնավստահութեամբ, զոր

կ՛արմատացնէ իր մէջ համեստութեամբ եւ իմաստութեամբ խորհուրդ եւ ուղղութիւն հայցելով Դամասկոսի

Զաւարեան եւ Թարգմաչած երկու քոյր վարժարաններու աւելի փորձառու, ազնիւ եւ բարեմիտ տնօրէններէն:

Հովուութեան ծառայութեան դամասկոսեան այս հանգրուանը ակնկալուած իրաւունք մը եւս կու տայ

երիտասարդ Թութիկեանին, երբ 1960ին Հալէպի մէջ գումարուած ՄԱի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան

համագումարի մը ընթացքին Մկրտութեան եւ Հաղորդութեան խորհուրդները մատակարարելու

արտօնութիւն կը ստանայ: Երիտասարդ հովիւն ու երիտասարդ հօտը ձեռք ձեռքի տուած յառաջ կը մղեն

Քրիստոսի եկեղեցին, ծաւալելով Կիրակնօրեայ դպրոցը, կիրակնօրեայ երաժշտական մատուցումները եւ

պաշտամունքը, Քրիստոնեական æանից ընկերակցութիւնը եւ խանդավառելով վարժարանի ուսուցիչներէ

կազմուած կամաւոր պաշտօնէութիւնը: Դամասկոսեան այս փորձառութիւնը ամփոփելով, վերապատուելի

Թութիկեան համեստօրէն կ՛եզրակացնէ. «Ինը ամսուան ընթացքին Դամասկոսի Հայ աւետարանական

վարժարանին մէջ ես աւելի ստացայ քան տուի»:

Առ այդ, զինուած վարչական եւ հովուական միամեայ փորձառութեամբ, պետական մարմիններու եւ քոյր

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 4

Page 5: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

յարանուանութիւններու հետ վարչական առաջին շփումներով, Թութիկեան պատրաստ կ՛ըլլայ ընդունելու

հրաւէրը այդ օրերու Արաբական միացեալ հանրապետութեան հարաւային մայրաքաղաք՝ Գահիրէի Հայ

աւետարանական եկեղեցիէն:

Գահիրէն ամէն մարզէ ներս մագլցումի նոր եղանակ մը կը հանդիսանայ: Հոս՝ քաղաքը, գաղութը, համայնքը

եւ եկեղեցին արդէն ունին տարբեր ծաւալ մը, որ բնականաբար աւելի մեծ պատասխանուութիւններ կը

թելադրէն: Աւելի հին, փորձառու, խարսխուած, հարուստ մշակոյթի տէր եւ ներդաշնակ աշխատանքի աւելի

վարժ եգիպտական այս գաղութին մէջ աւետարանական համայնքի նոր ներկայացուցիչէն կ՛ակնկալուի եւ

կը ստացուի համայնքի ղեկավարի դեր մը, զոր Թութիկեան անվերապահօրէն եւ փայլուն

կատարողութեամբ կ՛իրագործէ՝ կրօնական, մշակութային, գրական եւ ազգային ծաւալած բոլոր մարզերուն

մէջ: Գահիրէն արդէն աշխարհայնացումի դուռն է: Հոս է, որ Թութիկեան կը ծանօթանայ, կը մտերմանայ, կը

հանդիպի, կը գորածակցի եւ կ՛աշխատակցի այդ օրերու հայ աշխարհի թատերաբեմին վրայ

ղեկավարութեան մականը բռնած մեծերուն՝ Վազգէն Ա. կաթողիկոս, Մամբրէ արք. Սիրունեան, հայր Ժան

Գասպարեան (յետագայ կաթողիկիս՝ Կաթողիկէ հայոց), Զաւէն արք. Չինչինեան եւ ազգային քաղաքական

գործիչներ՝ տոքթ. Երուանդ Խաթանասեան, Բեգլար Նաւասարդեան, Բենիամին Թաշեան, Ալեքսանդր

Սարուխան, Էօժէն Փափազեան, Հայկ Ժամկոչեան, Էտմոն Կոտոլազեան (Երուանդ Ազատեան), Բիւզանդ

Կոճամանեան եւ ուրիշներ, որոնք բոլորը երիտասարդ հովիւին վրայ ունեցած իրենց ներգործող

ազդեցութեամբ կը շաղախեն իր մէջ կոփուող մտաւորականը: Թութիկեան կը քարոզէ, կը դասախօսէ,

կ՛առաջնորդէ, կը բանակցի, կը թղթակցի: Ան՝ իրաւացիօրէն, եգիպտահայ ամբողջ գաղութը կը նկատէ իր

հօտը եւ իր կոչումին հաւատարիմ, կը փոխանցէ անոնց աւետարանի բարի լուրը, ինչպէս նաեւ հայ

մշակոյթի անժամանցելի արժէքները:

Գահիրէն նաեւ մագլցումի աստիճան մըն է Թութիկեանի հովուական ասպարէզին մէջ: Արդարեւ հոս է, որ

Գահիրէի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ խորհուրդի դիմումնագիրով եւ ՄԱի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան

Կեդրոնական մարմինի վաւերացումով, կը ծրագրուի Վահան Թութիկեանի հովուական ձեռնադրութիւնը,

որ տեղի կ՛ունենայ Յուլիս 2, 1961ին, ձեռամբ՝ վեր. Հովաննէս Ահարոնեանի, վեր. Սողոմոն Նիւուճիքեանի,

վեր. Ճան Մարգարեանի, վեր. Արամ Հատիտեանի եւ չորս այլ հովիւներու:

Արաբական աշխարհը, ղեկավարութեամբ Եգիպտոսի եւ արաբ մասսաներու կուռք՝ նախագահ Ապտ Էլ

Նասերի, եռեւեփի մէջ է: Երկրի ընկերվարին օրակարգը, արդիւնաբերութեան մարզին մէջ իրականացուած

ազգայնացումները, ազատութիւններու կաշկանդումը եւ պատերազմի շարունակուող վախը կը մղեն

հայահոծ այդ գաղութը արտագաղթի: Պարագաները Գորդեան հանգոյց մը կը ստեղծեն նաեւ

Թութիկեաններու երիտասարդ ընտանիքին համար, որ երկար մտորումներէ եւ աղօթքներէ ետք կ՛ընտրէ

ընդունիլ Աստուածային կարգադրութեամբ իրեն ուղղուած հրաւէրը ծառայելու ՄՆու Պոսթըն քաղաքի Հայ

Նահատակաց Աւետ. եկեղեցւոյ մէջ եւ հետեւելու Հարթֆորտ աստուածաբանական հիմնարկի մագիստրոսի

տիտղոսի դասընթացքներուն:

Օգոստոս 1965ին, վեր. Թութիկեանի կեանքի ճանապարհին վրայ նոր էջ մը կը բացուի, երբ Գոլոմպոսի

աշխարհը իր դռները բանալով կ՛ընդունի Թութիկեանները որպէս օրինաւոր գաղթականներ Միացեալ

Նահանգներու մէջ:

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 5

Page 6: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Նոր աշխարհը, նոր բարքերով, մշակոյթի զանազանութեամբ եւ երբեմն յոռի նայուածքով կը դիմաւորէ իր

նոր զաւակները, որոնք հակառակ հիացումի եւ դրուատանքի արդարացուցիչ բոլոր պատճառներուն՝

շփոթութեամբ կ՛ընտելանան նորին հետ:

Բարիքները, սակայն, նաեւ առատ են նոր աշխարհին մէջ: Հովուական ծառայութեան զուգահեռ,

Թութիկեանի ուսման տենչը կը մղէ զինք մասնագիտանալով աւարտելու բարձրագոյն ուսման ճանապարհը

եւ յաջորդաբար ստանալու Աստուածաբանութեան մագիստրոսի երկու տիտղոս եւ Doctor of Ministry

տիտղոսը, ուսանելով Մեծն Պոսթընի համբաւաւոր համալսարաններուն մէջ:

Թութիկեանի գերբնական աշխատանքի գաղտնիքը կը կայանայ իր քունի կարգապահութեան մէջ: Արդարեւ

ան վարժութիւն ըրած է գոհանալ 4 ժամուան քունով եւ յետմիջօրէին մրափով մը, տրամադրելով օրուան

մնացեալ ժամերը արթուն աշխատանքի:

Եւ թափ կ՛առնէ վերապատուելիին աշխատանքի ծաւալն ու որակը: Ան իր ծառայած երկու եկեղեցիներուն

մէջ առանցքն է անդուլ աշխատանքի՝ ծաւալելով հօտը, ստեղծելով ծառայութեան նոր յանձնախումբեր,

եկեղեցական նոր խմբակներ, հիմնելով հիմնադրամներ, կազմակերպելով դրամահաւաքներ, ծրագրելով

շինարարական կարիքներ, ներգրաւելով նոր անդամներ, մասնակցելով միջ-յարանուանական աշխոյժ

խմբակներու, գաղութային երլեզու դասախօսութիւններով, հայերէն լեզուի դասընթացքներով, մշակութային

ձեռնարկներով, երիտասարդական կարիքներու հետապնդումով, անոնց դժուարութիւններու հոգացումով եւ

տակաւին բազմաթիւ էջերու վրայ մանրամասնուած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ: Եւ այս բոլորը

առանց որեւէ ազգային տեղատուութեան՝ հեռու հալող կաթսային վտանգէն: Մայրենի լեզուն տան

խօսակցական լեզուն է իսկ ՄՆու նոր քաղաքացի Վահան Թութիկեանը քաղաքավարօրէն կը մերժէ իր եւ իր

դստեր Անահիտի անունը փոխելու ամէն կոչ:

Թութիկեանի ամերիկեան ցամաքամասի գործունէութիւնները չեն ամփոփուիր Պոսթընի Հայ Աւետ.

Նահատակաց եկեղեցւոյ տասը տարուան եւ Տիթրոյիթի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ երեսուն տարիներու

ծառայութեան մէջ: Առաջին օրէն իսկ ան յարանուանական թէ գաղութային բեմին վրայ է՝ Հիւսիսային

Ամերիկայի տարածքով աշխուժօրէն պատասախանատուութիւն վերցնող եւ պաշտօններ ուսաբարձողն է

թէ՛ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետ. եկեղեցիներու միութեան եւ թէ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական

ընկերակցութեան մէջ:

Կրկնակիօրէն քանի մը շրջան ստանձնելով միութեան նախագահութիւնը, Թութիկեան անփոխարինելի

դերակատարն է միութենական եւ յարանուանական բազմաթիւ նուաճումներու: Ան անդամ է Մայր

եկեղեցւոյ հետ մերձեցման յատուկ յանձնախումբին, մասնակից միութեան մէկ միլիոն տոլարի

հանգանակութեան արշաւին, միութեան, աւետարանչականի եւ Հայկազեան համալսարանի ամեակներու

հանդիսութիւններուն եւ ոգեկոչումներուն, միութեան եւ աւետարանչականի ազգային անշեղ ուղղութեան

պահակը, միութեան եկեղեցիներու հայ Աւետարանական անունը կրելու ջատագովը, յետանկախ

Հայաստանի մէջ աւետարանական համայնքի աշխոյժ ներկայութեան քաջալերը, համազգային բեմերու վրայ

աւետարանական համայնքը ներկայացնող փայլուն դէմքը եւ տակաւին 13րդ գլխու բազմաթիւ էջերուն վրայ

փռուած՝ սիրուած եւ փնտռուած համայնքային ղեկավարը:

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 6

Page 7: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Թութիկեանի տեսլականին արգասիքն է Տիթրոյիթի Հայ Աւետ. եկեղեցւոյ ծոցին մէջ հիմնուած Հայ

մշակութային ժառանգութեան տրամադրուած հիմնադրամը, որ հայ մշակոյթի հետ առնչուած զանազան

ծրագիրներու կողքին կը դառնայ հրատարակիչը Թութիկեան հեղինակին բազմաթիւ

հրատարակութիւններուն, սկսելով 1980ին լոյս տեսած առաջին երկլեզու գիրքով, խորագրուած՝ «Reflections

of An Armenian» («Խոհք եւ Խօսք»):

1978ին ստեղծուած Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ծնունդէն ի վեր, վեր. Թութիկեան

նախ որպէս խորհուրդի նախագահ եւ ապա որպէս անոր գործադիր տնօրէն, եռանդով կը շարունակէ իր

ծառայութիւնը Աստուծոյ, համայնքին եւ հայ ժողովուրդին, այս պարագային համաշխարհային

մասշտապով, ըլլալով մտայղացող, ծրագրող, համադրող, ներդաշնակող եւ գործադրող համակարգիչը

խորհուրդի աշխատանքներու հոլովոյթին: Վերապատուելին, 1991ին բախտաւորութիւնը ունենալով

վերամուսնանալու ներքին եւ արտաքին գեղեցկութեան տէր, շնորհալի, քաղցր, խոհուն, հոգածու եւ կայտառ

կեանքի նոր ընկերոջ մը հետ՝ յանձին Ռոզէթ Բամբակեանի, երէկ եւ այսօր կը վայելէ անոր ամբողջական

նեցուկը, գործակցութիւնը եւ ընկերակցութիւնը իր ամբողջ աշխատանքներուն մէջ:

«My Life Journey» – «Կեանքիս Ճանապարհը», 2014, 394 էջ, լաթակազմ, գունաւոր շապիկ,

հրատարակութիւն՝ Armenian Heritage Committee, 3922 Yorba Linda Blvd. Royal Oak, MI 48073-6455, ձօնուած

հեղինակի ծնողներուն՝ Յակոբ Ա. եւ Գեղանոյշ Թութիկեաններուն, հաճոյքով եւ հպարտութեամբ ընթեռնելի,

ծափահարելի եւ օրինակելի, բայց տակաւին չաւարտած կեանքի մը պատմութիւնն է: Յանձնարարելի է

բոլորին:

Վարձքդ կատար պատուելի, գրիչդ անսպառ եւ անդուլ աշխատանքիդ՝ երկա՜ր եւ բարի՜ ճանապարհ:

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 7

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ ՄԵՐ ՍԻՐԵԼԻ ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Ձեզմէ ազնուաբար պիտի խնդրէինք Ձեր յօդուածները՝ նկարներով մէկտեղ, յետայսու ուղղել

խմբագրութեանս հետեւեալ հասցէին՝ [email protected]

Շնորհակալութիւն Ձեր ազնիւ գործակցութեան համար:

Page 8: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Հայրենի Լուրեր

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՕԴԱԿԱՅԱՆԸ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

ԹՌԻՉՔՆԵՐ ԿԻՐԱԿԱՆԱՑՆԷ.

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 8

ԼՂՀ մայրաքաղաք Ստեփանակերտի օդակայանի փոքր

երկտեղանոց օդանաւերը զբօսաշրջիկներու համար

թռիչքներ կ’իրականացնեն Ստեփանակերտի եւ Շուշիի

վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ armnewstv.am–ը:

Համացանցի վրայ յայտնուած տեսաերիզներէն կ’երեւի, թէ

ինչպէս օդանաւը կը սաւառնի Ստեփանակերտի եւ Շուշիի,

բնութեան գեղատեսիլ վայրերու վրայ:

ARMNEWSTV.AM

80-րդ, Պելառուսիան` 82-րդ, Լաթվիան` 83-րդ,

Ուքրանիան` 99-րդ հորիզոնականները:

Վարկանիշային աղիւսակին մէջ ընդգրկուած են

մարդկութեան զարգացման գործին մէջ առաւել մեծ

ներդրում ունեցած 125 երկիրները: Վարկանիշը կազմելու

համար դիտարկուած են ՄԱԿ-ի, Համաշխարհային

դրամատան եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու

կողմէ հրապարակուող ցուցանիշներ, որոնց հիման վրայ

որոշուած է մարդկութեան զարգացման գործին մէջ

երկիրներու «ներդրման» աստիճանը:

“ԼԱՒԱԳՈՅՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐ”-ՈՒ ՑՈՒՑԱԿՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԱՌԱՋ ԱՆՑԱԾ Է

ՀԱՐԵՒԱՆ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Աշխարհի լաւագոյն երկիրներու ցուցակով («Good Country Index») Հայաստանը յայտնուած է 72-րդ

հորիզոնականին` առաջ անցնելով Վրաստանէն, Ատրպէյճանէն եւ Ռուսաստանէն, որոնք վարկանիշային

աղիւսակին մէջ յայտնուած են համապատասխանաբար 77-րդ, 122-րդ եւ 95-րդ հորիզոնականներուն:

Հայաստանը համեմատաբար բարձր ցուցանիշներ արձանագրած է այնպիսի ոլորտներու մէջ, ինչպէս

գիտութիւնը եւ ճարտարագիտութիւնը, անվտանգութիւնը եւ հաւասարութիւնը:

Ըստ Armenpress-ի հաղորդման, goodcountry.org կայքին մէջ հրապարակուած ցուցանիշով՝ առաջին տեղը

գրաւած է Իռլանտան, իսկ լաւագոյն հնգեակին մէջ յայտնուած են նաեւ Ֆինլանտիան, Զուիցերիան, Հոլանտան

եւ Նոր Զելանտան: Նախկին ԱՊՀ երկիրներէն Մոլտովան գրաւած է 60-րդ, Լիթվիան` 69-րդ, Ղազախստանը`

Page 9: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ «ՀԻՐՈՇԻՄԱՅԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐ»

ՅՈՒՇԱՔԱՐԸ ՏԵՂԱԴՐՈՒԱԾ Է

Երեւանի Մանկական զբօսայգիին մէջ տեղադրուած «Խաղաղութեան քար» յուշաքարը բացած են Երեւանի

քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեանը եւ Հիրոշիմայի «Խաղաղութեան քար» ընկերակցութեան

ղեկավար Միչիգօ Ումեմոդոն: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատւութեան եւ

հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ներկայացնելով յուշաքարի ծագումը` Հիրոշիմայի «Խաղաղութեան քար» ընկերակցութեան ղեկավարը

նշած է, որ անիկա 1945 թուականի Օգոստոս 6-ին Հիրոշիմայի մէջ աթոմային ռմբակոծութեան կեդրոնէն

200 մեթր հեռաւորութեամբ գտնուող Աիոի կամուրջէն կից երկաթուղագծի սալաքարերէն է, որոնցմէ 188-ը

ռմբակոծութենէն տարիներ անց հաւաքուած եւ քաղաքացիներու ձեռքերով եօթը տարիներու ընթացքին

վերածուած են իւրօրինակ յուշաքարերու:

Խաղաղութեան քարին երեք լեզուներով գրուած է Հիրոշիմայի բնակիչներու խորհրդանշական պատգամը,

ուր ըսուած է. «…Դասեր քաղելով մեր տառապանքէն եւ առաջնորդուելով մեղքի զգացումով, որ մենք

ունինք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի արհաւիրքը անցած այլ ազգերու հանդէպ` մեր սահմանա-

դրութեամբ հաւաստեցինք այսուհետեւ երբեք այլ

երկիրներու նկատմամբ յարձակում

չիրականացնելու մեր վճռականութիւնը: Մենք կը

նուիրաբերենք այս սալաքարերը աշխարհի

ժողովուրդներուն` յուսալով, որ համայն

մարդկութիւնը պիտի կիսէ անպատերազմ

աշխարհի մէջ ապրելու մեր ընդհանուր իղձը,

աչքի առաջ ունենալով Հիրոշիմայի աթոմային

ռմբակոծութիւնը` իբրեւ յիշեցում խաղաղութեան

կարեւորութեան մասին»:

Ձեռնարկը աւարտած է «Հայաստանի փոքրիկ

երգիչներ» երգչախումբի` ճաբոնական

հանրայայտ «Հայրենիք» երգի կատարումով:

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 9

Page 10: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Լուրեր Սփիւռքէն

Ուաշինկթըն, ԱՄՆ

ԱՄՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՔՈՒԷԱՐԿԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿՈՂՄԷ

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՅՔԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁՄԱՆ ՀԱՐՑԸ

ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը Յունիս 26-ին

քուէարկութեան պիտի դնէ Թուրքիոյ կողմէ քրիստոնէական եկեղեցական գոյքի վերադարձման

վերաբերող «HR-4347» բանաձեւը:

Բանաձեւը Քոնկրեսին ներկայացուցած են Էտ Ռոյսը ու Էլիըթ Էնկըլը: Անիկա արտաքին գործոց

նախարարութենէն կը պահանջէ ամէն տարի հաշուետու ըլլալ Քոնկրեսին առջեւ, թէ արդեօք Թուրքիան

պատրա՞ստ է վերադարձնելու առգրաւուած գոյքն ու ունեցուածքը ոչ միայն Թուրքիոյ մէջ, այլեւ՝ Կիպրոսի

գրաւեալ հատուածին մէջ: Բանաձեւին իբրեւ հիմք ծառայած է քրիստոնէական տաճարներու պարտադիր

վերադարձին մասին 2011 Դեկտեմբեր 13-ին ընդունուած «HR-306» բանաձեւը: «HR-4347»ը Թուրքիոյ

կառավարութեան կոչ կ՛ընէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները կատարելու, քրիստոնեաներու

գոյքերը վերադարձնելու եւ յարգելու անոնց սեփական հաւատքը դաւանելու իրաւունքը:

Յիշենք, որ 2011 Դեկտեմբեր 13-ին, ԱՄՆ

Ներկայացուցիչներու տունը ընդունեց Թուրքիոյ

ազգային փոքրամասնութիւններու կրօնական

ունեցուածքը վերադարձնելու մասին «HR-306»

բանաձեւը: Նոյն տարուան ամրան,

Ներկայացուցիչներիու տան Արտաքին

յարաբերութիւններու յանձնախումբը 43 կողմ եւ 1

դէմ ձայներով քուէարկած էր քրիստոնէական

եկեղեցիներու վերադարձման օգտին: Այս

տարուան Մարտին, նմանատիպ բանաձեւ մը եւս

(H.Res.180) ընդունուեցաւ՝ յունական լոպիի

ճնշումին իբրեւ հետեւանք:

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 10

Page 11: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Սպանիոյ Նաւարա ինքնավար մարզի

խորհրդարանը Երկուշաբթի, Յունիս 23-ին

ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան

ճանաչման հռչակագիր մը, որուն մէջ կ՛ըսուի,

որ «դէպքերը, որոնց պատճառով տուժած է

հայ ժողովուրդը, իսկական ցեղասպանութիւն

են»:

Հռչակագիրը նաեւ կը դատապարտէ այդ

ժամանակուան թրքական իշխանութեանց

քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ կոչ կ՛ընէ

«դիւանագիտական յարաբերութիւններ

հաստատելու Հայաստանի հետ եւ

կարգաւորելու սահմանային վէճը՝ խաղաղ

ճանապարհով»:

Սպանիա

ՆԱՒԱՐԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿԸ ՃԱՆՉՆԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆ

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 11

Page 12: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Տոքթ. Իզապէլ Գաբրիէլեան-Չըրչիլ հեղինակն է «Sisters

of Mercy and Survival: Armenian Nurses (1900-1930)»

գրքին որ հրատարակուեցաւ 2012-ին, Մեծի Տանն

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տպարանին կողմէն,

Անթիլիաս, Լիբանան։

Գիրքը կը բաղկանայ շուրջ 530 էջերէ , 12 գլուխներէ եւ

բազմաթիւ նկարներէ, 13 տարբեր բաժիններու մէջ։

Գրքին նպատակն է լուսարձակել հայ

հիւանդապահուհիին ունեցած դերը, Օսմանեան

Կայսրութեան, Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ

Յունաստանի մէջ, 1900-էն մինչեւ 1930 թուականներու

ժամանակամիջոցին։

Մշակութային Լուրեր

ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ. SISTERS OF MERCY AND SURVIVAL –

ARMENIAN NURSES (1900-1930)

Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014 9րդ Տարի, Թիւ 118, էջ 12

Page 13: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

We are glad to inform you that RAG MAMOUL will have a “Letter to the Editor” section, where on every Monday we will publish your letters and opinions. Your letter should preferably refer to an article that has appeared within the last seven days, and must include the writer's full name, address and phone numbers. Letters may be edited and shortened for space.

Send a Letter to the Editor to: [email protected]

Սիրելի ընթերցող,

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ խմբագրութիւնը հաճոյքը ունի ձեզ

տեղեկացնելու, թէ այսուհետեւ ամէն Երկուշաբթի օրուայ թիւով

մենք պիտի հրատարակենք խմբագրութեանս ուղղուած ձեր

նամակները:

Ձեր նամակը կամ կարծիքը նախնըտրաբար պէտք է վերաբերի

վերջին 7 օրերուն ընթացքին մեր հրատարակած մէկ յօդուածին:

Պէտք է նկատի ունենալ նաեւ, թէ ձեր նամակը ենթակայ պիտի

ըլլայ որոշ խմբագրումի:

Page 14: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

Advertise in

è²Î زØàôÈ

Make it reach to our 25000+

worldwide subscribers everyday

Promotional Price List

Duration Size Price

Yearly Contract

Full Page US 999$

Half Page US 599$

Bottom Banner US 399$

Monthly Contract Full Page US 199$

Half Page US 149$

Bottom Banner US 59$

Weekly Contract Full Page US 159$

Half Page US 59$

Bottom Banner US 29$

Daily Contract Full Page US 59$

Half Page US 29$

Bottom Banner US 9$

(Offer valid till 31/08/14)

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

RAG MAMOUL is published and spread Monday to Friday all year round

Page 15: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118
Page 16: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

All non-profit/charity events’ ads are published for free

Contact:

[email protected]

Page 17: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118
Page 18: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118
Page 19: Wednesday 25 06 14, volume # 9 issue # 118

HEADLINESUB-HEAD

MONTH, YEAR VOL # ISSUE #

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

è²Î زØàôÈ ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹ՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

Պատասխանատու Խմբագիր՝

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Խմբագրական Կազմ՝

ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ (Լոս Անճելըս, ԱՄՆ)

ՃԵՆԻ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ-ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ (Երեւան- Հայաստան)

ԿԱՍԻԱ ՃՂԱԼԵԱՆ (Գահիրէ, Եգիպտոս)

ՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ (Մոնթրէալ, Գանատա)

ՅԱԿՈԲ ՉԱՄՔԷՐԹԷՆԵԱՆ (Սիտնի, Աւստրալիա)

ԱԼԻՆ ՊԱԼԵԱՆ (Տուպայ, ԱՄԷ)

ԿԱՐԱՊԵՏ ՍԱՅԱՊԱԼԵԱՆ (Մարսէյլ, Ֆրանսա)

ՏԻԱՆԱ ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ (Պուէնոս Այրէս, Արժանթին)

Վարչական Պատասխանատու՝

ԱՆԱՀԻՏ ՉԷՕՐԷՔՃԵԱՆ

Հեռ. +961 3 824 833 Հեռատիպ +1 647 435 0800

+374 77 00 22 11

+1 936 666 2011

ե-նամակ՝ [email protected]

ՄԵՐ ՆՊԱՏԱԿԸ

ՌԱԿ ՄԱՄՈՒԼԻ նպատակն է ազգային մեր յոյզերն ու մտահոգութիւնները տարածել

աշխարհի չորս ծագերը՝ հրապարակելով Հայրենի թէ Սփիւռքահայ մտաւորականներու

յօդուածները, հայրենիքի եւ զանազան գաղութներու վերաբերող լուրեր եւ թղթակցութիւններ,

ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի հետ առնչուող հաղորդագրութիւններ, աւելի քան 25000 ե-նամակի

հասցէատէրերու, բոլորն ալ՝ Հայ ժողովուրդի զաւակներ:

Օրէ օր աճող մեր հասցէացանկը առիթը կուտայ յօդուածագիրներու, իրենց մտքի պտուղը

հանդիսացող ու կարեւոր հարցեր լուսարձակի տակ առնող գրութիւններ, մեր միջոցով, յանձնելու

հազարաւոր Հայորդիներու ուշադրութեան:

Օգտուելով ժամանակակից հնարաւորութիւններու շնորհած այլեւայլ միջոցներէն եւ

հաւատարիմ մեր առաքելութեան, ամէնէն արագ, ոչ-դասական եւ բոլորին հասանելի կերպով,

մեզի ուղարկուած յօդուածներն ու թղթակցութիւնները, մեր գրասենեակներուն մէջ սիրով

խմբագրելէ ետք, պիտի հասցնենք բոլոր անոնց, որոնք ծարաւ են ազգային առումով կենսական

հարցերու հրապարակային քննարկման եւ, առ հասարակ՝ Հայկականութեան:

ENJOY YOUR WORDBOOK presents over 1000 words in a

variety of lively and realistic settings. It gives to young

learners a sound and enjoyable introduction to the

presented Armenian/Arabic/English languages.

Order through email:

[email protected]