59
«ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան ԱՆԹԻԼԻԱՍ 2016

ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

  • Upload
    others

  • View
    18

  • Download
    0

Embed Size (px)

Citation preview

Page 1: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

«ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ»

Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

ՄԱՍԻՆ

Պատրաստեց` Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան

ԱՆԹԻԼԻԱՍ 2016

Page 2: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

2

Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Սիրելի ընթերցող հաւատաց-

եալներ, պահեցողութիւնը կարեւոր տեղ գրաւած է եկեղեցւոյ հայրերուն հաւատքի կեանքին մէջ: Անոնք ընդարձակ կերպով անդրադարձած են պահեցողութեան կարեւորու-թեան մասին: Ստորեւ կը յիշենք անոնց խօսքերէն փունջ մը.

v Պահոց շրջանին ինչ որ ստամոք-

սէդ կը զրկես, աղքատներուն ձեռքը պէտք է դնես, որպէսզի քու անօթու-թեամբդ անօթի մը կշտանայ եւ մեղքերդ քաւուին (Յովհան Մանդակունի):

Page 3: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

3

v Պահեցողութիւնը միայն կերակու-րէն հեռանալը չէ, այլ նաեւ ու մանա-ւանդ` մեղքէն հեռանալը (Յովհան Ոսկե-բերան):

v Կենդանիներուն մէջ ո՞րն է առիւծի

պէս զօրեղ. բայց իր որովայնին պատճա-ռով ան ալ որոգայթի մէջ կ'իյնայ, եւ ա-նոր ամբողջ զօրութիւնը կը հպատակուի (Յովհաննէս Կարճահասակ):

v Մարդուն որովայնը մառանի նման

է, որ ոչինչ կը պահէ իր մէջ: Որքան շատ բան դրուած ըլլայ մեր որովայններու մառանին մէջ` այնքան մեծ կ'ըլլայ վնասը, որովհետեւ անիկա ոչինչ կրնայ պահել իր մէջ (Մեծն Բարսեղ):

Page 4: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

4

v Տիրապետէ որովայնիդ, երբ տա-կաւին անիկա անձիդ չէ տիրապետած (Յովհան Կղեմաքոս):

v Այնպէս ինչպէս երաշտ վայրերու

մէջ ամէն տեսակի բանջարներ չեն բուս-նիր, նոյնպէս ալ դատարկ ստամոքսները պիղծ խորհուրդներ չեն ծնիր:

Այնպէս ինչպէս պարարտ հողի մէջ զանազան տեսակի բանջարներ կը ծլին ու կ'աճին, նոյնպէս ալ կերակուրներու աղբով լեցուած ստամոքսները մշտապէս անմաքուր մտածումներ կ'արտադրեն:

Այնպէս ինչպէս խոնաւ հողը որդերը կը պարարտացնէ, նոյնպէս ալ յղփացած ստամոքսը` պիղծ մոլութիւնները (Յով-հան Մանդակունի):

v Պահեցողութիւնը մեր բարկու-

թիւնը զսպելն է, հեզութեան ճամբան

Page 5: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

5

ընտրելն է, մաքուր եւ ուղիղ սիրտ ունե-նալն է, մեզմէ վատ մտածումներն ու փափաքները հեռացնելն է, բարեգոր-ծութեան կեանք մը ապրիլն է (Մեծն Բարսեղ):

v Միայն ուտելիքներէ զրկուիլը չէ որ

պահք կը կոչուի, այլ նաեւ բոլոր տեսակի մեղքերէ մաքրուիլը. պա´հք է նաեւ չխօ-սիլը, մանաւանդ երբ մեզի ուղղուած հարցում մը չէ եղած կամ կարիքը չէ զգացուած խօսելու: Պա´հք է չքաւորու-թիւնը, աղքատութիւնը, աւելորդ ինչքե-րով չմտահոգուիլը, միայն օրուան կա-րիքները հոգալը եւ նոյն բաները Աս-տուծմէ խնդրելը: Պա´հք է խոնարհաբար տեղը մնալը, հաճոյքի եւ չարաշահու-թեան համար անօգուտ չշրջիլը: Պա´հք է արդուզարդ չկատարելը, չլուացուիլն ու չօծանուիլը: Պա´հք է քուրձէ հագուստ

Page 6: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

6

հագնիլը` միայն մերկութիւնը ծածկելու եւ ցուրտէն պաշտպանուելու համար: Պա´հք է երբ աչքը պիղծ բաներ չի դի-տեր, ականջը անվայել խօսքեր չի լսեր եւ սիրտը անմաքուր մտածումներ չ'ունե-նար: Պա´հք է փառք ու պատիւ չփնտռե-լը, չբարկանալը, չպոռալը, չնախանձիլը, վրէժ չլուծելը, ընկերոջ մօտ ինքզինք չարդարացնելը: Պա´հք է ագահ չըլլալը, լուրջ ըլլալը, հագուստներով չպարծե-նալը: Պա´հք է խոնարհութիւնը, հնա-զանդութիւնը եւ մաքուր սրտով բոլորը սիրելը: Պա´հք է միայն մեր բնութեան պահանջքին չափով քնանալն ու ապա ոտքի ելլելով գործելը եւ աղօթելը: Այս բոլորն է իսկական պահքը, որ շատ աւե-լի կ'արժէ քան կերակուրներու զրկանքը. պահքի շրջանին այս եւ նման բաներէ զրկուելէ վերջ է միայն որ կերակուրներէ

Page 7: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

7

զրկուիլը ընդունելի կը դառնայ (Յովհան Մանդակունի):

v Ինչպէս մարմնաւոր կերակուրը կը

գիրցնէ մարմինը, նոյնպէս ալ պահեցո-ղութիւնը կը զօրացնէ հոգին, եւ թռիչք կու տայ անոր, որպէսզի թռչի դէպի բար-ձունքները երկնային (Մեծն Բարսեղ):

v Անոնք որ ստամոքսին կը ծառա-

յեն, անհնար է որ Աստուծոյ հաւատա-րիմ ծառաները ըլլան: Իսկ անոնք որ պահեցողութեամբ իրենք զիրենք կը զրկեն, ո´չ միայն անօրէնութիւններու պղծութիւններէն կը սրբուին, այլեւ սուրբ Աստուածը իրենց մէջ կը բնակեցնեն (Յովհան Մանդակունի):

v Որկրամոլ մարդը երկու անգամ կը

տանջուի. նախ կը տանջուի, որովհետեւ

Page 8: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

8

կը մտածէ թէ ի´նչպէս կրնայ իր որովայ-նը լեցնել, իսկ երկրորդ անգամ կը տանջուի, երբ մարսողութեան դժուարու-թիւն կ'ունենայ: Պահեցողութիւն կատա-րող մարդը զերծ է յիշեալ երկու տան-ջանքներէն (Եփրեմ Խուրի Ասորի):

v Խիստ պահեցողութիւնը եւ ժուժ-

կալութեան առաքինութիւնը զօրաւոր են. անոնք կը շղթայեն մարմնի բոլոր ան-դամները եւ զանոնք կը զրկեն բոլոր տեսակի անպատեհ ցանկութիւններէն ու անմաքուր մտածումներէն, միտքերէ հե-ռու կը վանեն դեւերու յարձակումները, որոնք կ'ուզեն պղտորել ու պղծել մաքրը-ւածներուն սիրտերը: Որովհետեւ, պա-հեցողութիւնը շղթայի մը նման ամուր կը դարձնէ եւ կը պահէ բարոյական բոլոր առաքինութիւններն ու հաւատքի զօրու-թիւնը (Յովհան Մանդակունի):

Page 9: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

9

v Ճշմարիտ պահեցողը ան է, որ ինք-զինք հեռու կը պահէ ամէն տեսակի անմաքրութենէ, եւ դէմ կը դնէ իր լեզուին եւ անկէ բխող զրպարտողական ու դա-տապարտողական ամէն տեսակի խօս-քերու (Եփրեմ Խուրի Ասորի):

v Պահեցողութիւնը թշնամիին դէմ

հզօր աշտարակ մըն է, եւ Սատանայի բոլոր նետերուն դէմ` ամուր պարիսպ մը (Յովհան Մանդակունի):

v Անկարելի է որ կրակը ջուրի մէջ

վառի. նոյնպէս ալ ապաշխարութիւնը` առանց պահքի անկարելի է (Յովհան Ոսկեբերան):

v Պահեցողութեան առաքինութիւնը

մեծապէս կարեւոր է մեր բնութեան հա-մար եւ բազմաթիւ թերութիւններ խո-

Page 10: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

10

նարհ պահեցողութեամբ կը սրբագրուին. այդ իսկ պատճառով, երբ Աստուած մարդը ստեղծեց, անոր բնութիւնը խիստ պահեցողութեամբ օժտեց, եւ առաջին մարդուն որպէս առաջին պատուիրան խիստ պահեցողութիւնը պարտադրեց, որ է` արգիլուած ծառէն չճաշակել: Եթէ առաջին մարդը պահած ըլլար պահեցո-ղութեան պատուիրանը, առաքինի, ան-մահ եւ անմեղ կեանք մը պիտի ժառան-գէր եւ երկինքի մէջ ամէն տեսակի բա-րութիւններ պիտի վայելէր. բոլոր անոնք, որ պահեցին խիստ պահեցողութիւնը, բազմաթիւ վիշտերէ փրկուեցան (Յով-հան Մանդակունի):

v Պահեցողութիւնը զէնք մըն է որով

կը կռուինք մեղքի ալիքներուն դէմ եւ կը ճամբորդենք դէպի երկինք (Յովհան Ոս-կեբերան):

Page 11: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

11

v Խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ մեծն Դանիէլ առիւծներու ժանիքնե-րէն փրկուեցաւ. վայրագ գազանն անգամ չհամարձակեցաւ պահեցողի սուրբ մար-մնին մօտենալ. գազաններուն արգիլուե-ցաւ պահեցողին սուրբ մարմնին մօտե-նալ, որովհետեւ սուրբը չմօտեցաւ թա-գաւորին պիղծ զոհերով աղտոտած սե-ղանին:

Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ երեք երիտասարդները ազատեցան բոցավառ կրակէն եւ մարե-ցին իրենց մէջ կերակուրներու մոլու-թեան կիրքը եւ բաւարարուեցան քիչ մը ոսպով. մարեցին հնոցէն բարձրացող ահեղ կրակը, որովհետեւ ներսը զով ցօղ մը կը մխիթարէր պահեցողները...:

Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Նինուէացիներու բազմա-մարդ քաղաքը փրկուեցաւ, որովհետեւ

Page 12: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

12

իրենց բոլոր անօրէնութիւններէն եւ չար վարքերէն դարձի եկան, քուրձով եւ մո-խիրով մեղմացուցին Աստուծոյ սաստիկ բարկութիւնը, եւ որովհետեւ անոնք իրենց անձերը պահքի եւ պաղատանքի, ողբի եւ հեծեծալից արտասուքներու են-թարկեցին, Աստուած ալ խնայեց իրենց հոգիներն ու մարմինները:

Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Մովսէս աստուածադիր օրէնքները ստացաւ, որովհետեւ Քառաս-նօրեայ Պահեցողութեան մաքրութեամբ արժանի եղաւ Մաքուրին մերձենալու եւ բարեկամի մը նման բերան բերանի խօսելու Աստուծոյ հետ:

Նոյն այդ խիստ պահեցողութեան շնորհիւ էր որ Եղիա Թեսբացին սրբուե-ցաւ եւ իր մէկ խօսքով կրցաւ երկինքի դռները բանալ եւ գոցել եւ երկրի վրայ կրակ տեղացնել (Յովհան Մանդակունի):

Page 13: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

13

v Սքանչելի բան է պահքը, որով-հետեւ կը կոխկռտէ մեր մեղքերը փոշիի նման, եւ ծնունդ կու տայ ճշմարտու-թեան` ծաղիկի նման (Մեծն Բարսեղ):

v Պահեցողութեան շնորհիւ էր որ

մեր երանելի հայրերը առաքինի դար-ձան եւ անմարմին հրեշտակներու կեան-քը մարդկային մարմնի մէջ ապրեցան. երկրի վրայ իրենց երկրաւոր ցանկու-թիւնները սպաննեցին եւ իրենց հոգի-ները երկինքի մէջ ապրեցուցին. մերժե-ցին անցաւոր հաճոյքները, ստանալու համար անանցանելի բարիքները (Յով-հան Մանդակունի):

v Պահեցողութիւնը, աղօթքը, ողոր-

մութիւնը եւ բարեգործութիւնները մի-ջոցներ են որոնք մեզ կ'առաջնորդեն լեցուելու Սուրբ Հոգիով. բայց եթէ երբեք

Page 14: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

14

այս բոլորը մենք Քրիստոսի սիրոյն ու անուան փառքին համար չէ որ կը կա-տարենք` չենք լեցուիր Սուրբ Հոգիով եւ հանդերձեալին ալ վարձք չենք ստանար (Սերափիմ Սարովցի):

v Ճշմարիտ պահեցողութեան շնոր-

հիւ մեր հայրերը նշաններ եւ հրաշքներ կը կատարէին, դեւեր կը հանէին, հի-ւանդներ կը բժշկէին, մեռելներ կը կեն-դանացնէին, ջուրին վրայէն կը քալէին, արեւուն ընթացքը կը կասեցնէին (Յով-հան Մանդակունի):

v Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը օրը

մէկ անգամ կեր, յատկապէս չորս պահ-քերուն1 ժամանակ, եւ Տիրոջ հրեշտակ-

––––––––––––––– 1 Ակնարկութիւնը տարուան չորս եղանակներուն սկիզբին գտնուող պահքերուն է:

Page 15: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

15

ները հետդ պիտի մնան (Սերափիմ Սա-րովցի):

v Երբ առաջին սուրբերը ուզէին

Աստուծոյ մօտենալ, նախ պահքով կը մաքրուէին, ապա հաղորդութեան կը մօտենային եւ զԱստուած կը տեսնէին. իսկ անոնք որոնք իրենց անձերը պահ-քէն հեռու պահեցին` Աստուծոյ շնորհ-քէն հեռացան եւ բազմաթիւ տանջանք-ներով տանջուեցան (Յովհան Մանդա-կունի):

v Պոռնկութիւնը ծոմով կը բուժուի,

իսկ մտային փորձութիւնները` աղօթքով (Բարսեղ Մաշկեւորցի):

v Անոնք որոնք արհամարհեցին

պահքը, արհամարհուեցան Աստուծոյ

Page 16: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

16

կողմէ եւ զրկուեցան անոր ողորմութենէն (Յովհան Մանդակունի):

v Երբ մարմինը շատ ուտէ` կը սկսի

պատերազմիլ հոգիին դէմ (Սիմէոն Նոր Աստուածաբան):

v Պահք պահողները պէտք է որ

արթուն ըլլան, որովհետեւ Սատանան կրնայ կորուստի մատնել թէ´ պահեցողը եւ թէ´ պահեցողութիւնը, եթէ երբեք պա-հեցողը անպարկեշտ բամբասանքներ կատարէ, ինքզինք ուրիշներէն գերիվեր ցոյց տայ, կամ կերակուրները պիղծ նկատէ եւ կամ կեղծաւորներու նման պահեցողութիւն ընէ իր պահեցողու-թիւնը ուրիշներու նայուածքներէն հեռու պահելով, որպէսզի սնապարծ եւ կեղ-ծաւոր չերեւնայ, բայց կը փափաքի նաեւ որ իր ժուժկալութիւնը նկատուի ուրիշ-

Page 17: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

17

ներու կողմէ. եւ երբ ոչ ոք նշմարէ, ինք առիթը կը ստեղծէ իր խիստ պահեցո-ղութիւնը ցոյց տալու համար, որպէսզի մարդիկ սքանչանան զայն իրագործելու իր համբերութեան վրայ: Նման պահքեր ո´չ կը սրբեն եւ ո´չ ալ կ'արդարացնեն, այլ կը պղծեն եւ կորուստի կը մատնեն (Յովհան Մանդակունի):

v Ամէն օր նոյն ժամուն կեր, եւ կեր

միայն մարմինը ամրացնելու համար եւ ո´չ թէ հաճոյքի համար (Իսահակ Ասո-րի):

v Եթէ մէկը ժուժկալութիւն ցոյց տայ

ուտելիքներու նկատմամբ, բայց իր մարմնի միւս անդամները անժուժկալ պահէ, զուր են իր ճիգերը: Հետեւեալը ըսել կ'ուզեմ.- Եթէ մէկը իր լեզուն չզսպէ, աչքերուն, ականջներուն, մտածումնեուն

Page 18: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

18

եւ հոգիին վրայ չհսկէ, ընկերոջ դէմ ոխ պահէ, եղբօրը դէմ ատելութիւն ունենայ, կամ կեղծաւոր կերպով բարեկամութիւն հաստատէ անոր հետ, ընկերոջը խոնար-հութեամբ չծառայէ, եւ պահք պահելուն համար` պատիւի ու փառքի հետամուտ ըլլայ, նման անձ մը ամբողջութեամբ պիտի խելագարի Սատանային դրդու-մով: Նման պահեցողութիւն մը խոնարհ պահեցողութիւն մը չէ, այլ` խաբեբայ, կեղծաւոր, անպէտք եւ ծոյլ պահեցողու-թիւն մը, որ կրակի մէջ կ'այրի եւ ջուրին մէջ կը հալի... (Յովհան Մանդակունի):

v Քառասնօրեայ Պահեցողութեան

ժամանակ երբ խիստ պահեցողութիւն կ'ընենք, կը մեռնին մեր բոլոր ցանկու-թիւնները, կը մարի մեր բարկութիւնն ու ցասումը, կը հանդարտի ու կը խաղաղի

Page 19: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

19

ամէն խռովութիւն որ յառաջ կու գայ որկրամոլութենէ (Մեծն Աթանասիոս):

v Կան մարդիկ, որոնք երբ ուզեն

պահեցողութիւն ընել, նախ կը լուաց- ւին, կ'օծանուին, իրենց ստամոքսը կը լեցնեն, որկրամոլութեամբ եւ արբեցու-թեամբ կը շուայտանան եւ ապա կը մտնեն խիստ պահեցողութեան մէջ: Ի՞նչ անունով անուանենք նման մարդիկ. պահեցո՞ղ, թէ` արբեցող. ժուժկա՞լ, թէ` որկրամոլ. ճգնաւո՞ր, թէ` անառակ. ան-կարելի է պղծութեան մէջ սրբութիւն գտնել, եւ մեղքի մէջ` արդարութիւն. ո´չ ոք պոռնկութեամբ կրնայ կուսութիւն ստանալ, կամ զեղխութեամբ ու արբե-ցութեամբ` պահքի մաքրութիւն: Կարելի բան չէ որ նախ պոռնկութիւն ընէ մէկը եւ ապա կոյս դառնայ, զեղխութիւն ընէ ու գինովնայ եւ ապա սրբութեամբ պահեցո-

Page 20: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

20

ղութեան մէջ մտնէ: Կարելի բան չէ որ պոռնիկը կոյս դառնայ, եւ գինովը` պա-հեցող ու ճգնաւոր: Որովհետեւ, կոյսը իր կուսութեամբ է որ կը ստանայ իր կու-սական պսակը եւ ո´չ թէ պոռնկութեամբ. պահեցողը իր ժուժկալութեամբ է որ կը ստանայ պահքի վարձատրութիւնը եւ ո´չ թէ արբեցութեամբ, զեղխութեամբ եւ շուայտութեամբ (Յովհան Մանդակունի):

v Մի´ անտեսեր Քառասնօրեայ Պա-

հեցողութիւնը: Անիկա կը սորվեցնէ մեզի քալել կեանքի այն ճամբայէն որ Քրիս-տոս ինք քալեց. Քրիստոսի կեանքին նմանող կեա´նք կը շնորհէ մեզի (Մեծն Անտոն):

v Պահքի միջոցաւ կը բժշկուին մեղ-

քերով վիրաւորները, կ'ազատագրուին Սատանային գերի դարձածները. կը վե-

Page 21: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

21

րականգնին անոնք` որ ամբարշտու-թեամբ հիւանդացած են, կը մաքրագոր-ծըւին անոնք` որ պղծութեամբ աղտո-տած են, կը լուսաւորուին անոնք` որ մոլորութեան պատճառով խաւարի մէջ են (Յովհան Մանդակունի):

v Պահք պահողները կը մաքրուին

ու կ'արդարանան իրենց բոլոր յանցանք-ներէն եւ ճառագայթող լոյսով մը կ'ա-ռաջնորդուին դէպի Աստուծոյ ահաւոր բայց լուսաւոր ատեանը, ժառանգելու համար անանցանելի բարութեանց վա-յելչութիւնը` մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստո-սի հետ (Յովհան Մանդակունի):

v Դիւահարութեան եւ պոռնկութեան

զոյգ ախտերը պահքով եւ աղօթքով կը բուժուին միայն: ... Ծոմապահութեամբ մարմինը կը չարչարուի ու կը տկարա-

Page 22: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

22

նայ, եւ եթէ ուզէ անգամ, չի կրնար պոռնկիլ: Այսպէս, օրինակ, կը պատմուի թէ վաւաշոտ մարդ մը գեղեցիկ եւ ազնը-ւական կին մը կը սիրէ ու անոր հաւա-նութիւնը կը խնդրէ. կինը անոր կ'ըսէ. «Եթէ հետս անօթի մնաս մինչեւ քեզ կերակուրի կանչելս, ուզածդ թող ըլլայ»: Մարդը կը համաձայնի: Կինը երկու օր, հետը նաեւ մարդը, ծոմ կը պահեն: Եր-րորդ օրը կինը կը պատրաստէ սեղան մը եւ շքեղ անկողին մը, եւ կանչելով մար-դը` անոր կ'ըսէ. «Ի՞նչպէս կ'ուզես, անկո-ղի՞ն մտնենք, թէ ճաշենք»: Մարդը կ'ա-ղաղակէ. «Կը հրաժարիմ անկողինէն, որովհետեւ աշխարհի բոլոր կիները կ'ա-տեմ հիմա, բայց կ'ուզեմ ճաշել, որպէսզի սովէ չմեռնիմ»: Տեսա՞ր, թէ երբ ծոմ չէր պահած ինչպէս կը նեղուէր ախտէն, իսկ պահեցողութենէն ետք` բժշկուեցաւ ան-կէ (Բարսեղ Մաշկեւորցի):

Page 23: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

23

v Փայտը որքան շատ ըլլայ` կրակը այնքան ուժեղ կ'ըլլայ: Նոյնպէս ալ, որովայնի կերակուրները որքան շատ ըլլան` մարմնի տռփանքը այնքան շատ կ'ըլլայ (Հայր Ղեւոնդիոս):

v Աւելորդ կերակուրները մարմինը

կը վերածեն չափէն աւելի բեռնաւորուած նաւի, որ ալիքներու նուազագոյն շար-ժումով մը կը խորտակուի (Հայր Ղե-ւոնդիոս):

v Հոգին ոչ մէկ բանով կը խոնարհի

այնքան` որքան եթէ մէկը կերակուրի մէջ ժուժկալ ըլլայ: Երբ Դաւիթ առիւծի հետ կը մարտնչէր, անոր կոկորդէն կը բռնէր: Մենք եւս, եթէ մեր կոկորդն ու որովայնը զսպենք, Աստուծոյ օգնու-թեամբ պիտի կարենանք անտեսանելի

Page 24: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

24

առիւծին` Սատանային յաղթել (Աբբա Պիմէն):

v Քանի որ պահք չպահեցինք, անոր

համար ալ դրախտէն դուրս դրուեցանք. ուրեմն, պահք պահենք, որպէսզի նորէն դրախտ մտնենք (Մեծն Բարսեղ):

v Երբ մարմինէն կը խլես` հոգիին

ո´ւժ է որ կու տաս (Մեծն Բարսեղ): v Ով որ պահք կը պահէ առանց խո-

նարհութեան, իր պահեցողութեամբ զԱստուած է որ կը բարկացնէ (Եփրեմ Խուրի Ասորի):

v Անոնք որոնք կը հրաժարին կե-

րակուրէն, բայց իրենք զիրենք մեղքի մէջ կը պահեն, կը նմանին Սատանային, որ

Page 25: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

25

թէպէտ բան մը չ'ուտեր, եւ սակայն չի դադրիր մեղանչելէ (Մեծն Բարսեղ):

v Մարմնի պահքը հոգիի կերակուրն

է (Յովհան Ոսկեբերան): v Հաստ որովայնը նուրբ միտք չի

ծնիր (Յովհան Ոսկեբերան): v Մաքսաւորը որ պահք չէր պահեր`

փրկուեցաւ, մինչդեռ Փարիսեցին որ պահք կը պահէր` չփրկուեցաւ, որպէսզի ցոյց տրուի մեզի, թէ պահքը մեզ չի փրկեր, եթէ երբեք անոր չ'ընկերանայ Աստուծոյ պատուիրաններուն մեր հնա-զանդութիւնը (Յովհան Ոսկեբերան):

v Եթէ պահք կը պահենք բայց Աս-

տուծոյ պատուիրանները չենք պահեր`

Page 26: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

26

բանով մը չենք օգտուիր (Յովհան Ոս-կեբերան):

v Պահեցողութիւնը դեղի նման է:

Ինչպէս դեղը օգտակար կը դառնայ մեզի եթէ գիտնանք զայն գործածելու կերպը, եւ կը վնասէ մեզի` եթէ չգիտնանք զայն գործածելու կերպը, նոյնպէս ալ, պահքը թէպէտ շատ օգտակար կը դառնայ մեզի, բայց եթէ զայն կիրարկելու կերպը չգիտ-նանք` մեծ վնասներ կը կրենք (Յովհան Ոսկեբերան):

v Պահք կը պահե՞ս: Գործերովդ

ներկայացուր ինծի պահք պահելուդ ապացոյցը. եթէ կը տեսնես աղքատ մարդ մը` գթա´ ու օգնէ´ անոր. եթէ կը տեսնես թշնամի մը` հաշտուէ´ անոր հետ. եթէ կը տեսնես բարեկամ մը որ

Page 27: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

27

պատիւի կ'արժանանայ` մի´ նախանձիր (Յովհան Ոսկեբերան):

v Միայն բերանդ պահք թող չպահէ,

այլ նաեւ աչքերդ, ականջներդ, ոտքերդ, ձեռքերդ, եւ մարմնիդ բոլոր անդամները: Թող ձեռքերդ պահք պահեն` հեռու կե-նալով կողոպուտէ ու ագահութենէ: Թող ոտքերդ պահք պահեն` հեռու մնալով աղտոտ տեղեր երթալէ: Թող ականջներդ պահք պահեն` հեռու մնալով չարախօ-սութիւններ լսելէ: Թող աչքերդ պահք պահեն` հեռու մնալով գեղեցիկ դէմքե-րու անմաքուր նայուածքներ ուղղելէ: Նայիլը` պտուղն է աչքերուն, բայց եթէ արգիլուած բաներու նայինք` կը քանդը-ւի մեր պահեցողութիւնը եւ կը վտան-գըւի մեր հոգիի ապահովութիւնը: Բայց եթէ աչքը մաքուր կերպով նայի ամէն

Page 28: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

28

բանի` կը զօրացնէ մեր պահեցողութիւնը (Յովհան Ոսկեբերան):

v Ստամոքսիդ հետ` բերանդ ալ

պահք թող պահէ: Ինչո՞վ կ'օգտուիս երբ բերանով միս ու ձուկ չես ուտեր, բայց զրպարտողական խօսքերովդ կ'ուտես միսը քու եղբայրներուդ ու քոյրերուդ: Այս կատարելով, դուն քեզ է որ կը կոր-ծանես (հմմտ Գղ 5.15) (Յովհան Ոսկեբե-րան):

v Ամէն պահք պահող հիմնական

երեք բան պէտք է կատարէ.- ա) Գէշ բան բնաւ պէտք չէ խօսի իր

նմանին մասին: բ) Ոեւէ մէկը թշնամի պէտք չէ նկա-

տէ: գ) Բնաւ երդում պէտք չէ ընէ (Յովհան

Ոսկեբերան):

Page 29: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

29

v Եթէ չես ներեր մարդոց որոնք քեզի դէմ մեղք գործած են, զուր տեղ պահք մի´ պահեր: Աստուած չ'ընդունիր պահքդ, եթէ երբեք դուն չես ընդունիր ներել եղբօրդ: Ան որ իր սրտին մէջ եղբօր հանդէպ ատելութիւն ունի եւ պահք կը պահէ` զԱստուած է որ կ'ատէ, եւ հեռու է փրկութենէն (Իկնաթի Պրեանչանինով):

v Աղօթք մը որուն հիմը պահեցո-

ղութիւնն է` կը դառնայ մեծագոյն առա-քինութիւնը (Յովհաննէս Քրոնսթատցի):

v Անօթի գայլը կը հետապնդէ նախի-

րը, իսկ պոռնկութեան դեւը` իրենց փորը լեցնողները: Հացդ չափով կեր, ջուրդ ալ չափով խմէ, եւ տես թէ ինչպէս պոռնկու-թեան դեւը քեզմէ պիտի փախչի (Աբբա Եւագր Պոնտացի):

Page 30: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

30

v Երբեք չի կրնար կատարեալ մաք-րութեան հասնիլ այն անձը, որ կը խորհի թէ լոկ մարմնական պահեցողութեամբ կրնայ կատարեալ մաքրութիւն ձեռք ձգել, եթէ երբեք չգիտակցի որ պահեցո-ղութեան նպատակն է` մարմինը խո-նարհեցնելը, որպէսզի անկէ ետք, աւելի դիւրութեամբ կարող ըլլայ պայքարի մէջ մտնել այլ կիրքերու դէմ (Աբբա Սրա-պիոն):

v Դեւերու պարագլուխը անկեալ

Արուսեակն է, իսկ կիրքերու գլուխը` շատակերութիւնը (Յովհան Կղեմաքոս):

v Տիրապետա՞ծ ես որովայնիդ. լեզ-

ւիդ ալ տիրապետէ, որովհետեւ եթէ լեզուիդ չես տիրապետած` որովայնիդ ստրկութենէն ազատագրութիւնը օգուտ չի բերեր քեզի (Նեղոս Սինայեցի):

Page 31: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

31

v Գացէք ու միս կերէք, միայն թէ իրարու միս մի´ ուտէք (Խրիմեան Հայ-րիկ):

v Եթէ քեզ կը գրգռէ շատ ու համեղ

կերակուրի հեշտանքը, յիշէ անկէ յառա-ջացող գարշահոտութիւնը եւ իսկոյն կը հանգստանաս (Աբբա Եսայի):

v Աղօթքով, պահքով, սիրով, շնոր-

հալից յոյսով եւ բաղձալից մղումով, զգուշօրէն պատրաստ եղիր Աստուծոյ կամքը կատարելու (Ս. Գրիգոր Լուսաւո-րիչ):

v Հիւանդութիւն կայ որ դեղով կը

բուժուի, եւ հիւանդութիւն ալ կայ` որ պահեցողութեամբ կը բուժուի (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):

Page 32: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

32

v Պահք կը պահե՞ս: Եթէ պահք կը պահես` կերակրէ անօթին, ջուր տուր ծարաւին, այցելէ հիւանդին, մի´ մոռնար բանտարկեալը, գթա´ տառապողին, մխիթարէ´ սգաւորն ու ողբացողը, եղիր ողորմած, խոնարհ, ազնիւ, խաղաղ, համբերատար, կարեկցող, ներող, երկիւ-ղած, ճշմարտասէր եւ բարեպաշտ, որ-պէսզի Աստուած ընդունի պահեցողու-թիւնդ եւ պարգեւէ քեզի ապաշխարու-թեան պտուղներ (Մեծն Բարսեղ):

v Ով որ առողջ եւ ուժեղ է, կրնայ

ինքզինք հեռու պահել պարարտ եւ ախորժելի կերակուրներէն ու ըմպե-լիքներէն, կամ ուտելու մէջ ժուժկալ ըլլալ, որպէսզի ճնշէ մարմինը եւ մեռցնէ զգայական բաղձանքներու ախտաւոր կիրքերն ու անառակ ցանկութիւնները, որպէսզի կարող ըլլայ իր մարմնի ան-

Page 33: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

33

դամները ծառայեցնել Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):

v Քառասնօրեայ Պահեցողութեան

ժամանակ, ամենօրեայ դրութեամբ եկե-ղեցի գալը ու քարոզ լսելը օգուտ մը բե-րելու փոխարէն` դատապարտութիւն կը բերեն մեզի, եթէ երբեք չփոխուի մեր կեանքի ընթացքը: Եթէ դուն քեզ որոշ կերակուրներէ եւ գինիէ հեռու պահեցիր, բայց վարք ու բարքիդ մէջ նոյնը մնացիր` բանով մը չես օգտուիր: Եթէ ճշմարիտ պահք պահող ես` պէտք է դադրեցնես բարկութիւնը եւ դառնաս ազնիւ, պէտք է դադրեցնես անգթութիւնը եւ դառնաս սիրալիր. ա´յս է ճշմարիտ պահքը որ քեզ երկինք կը բարձրացնէ (Մեծն Բարսեղ):

v Երբ մարմինը կերակուրներով կը

զօրանայ` հոգին կը տկարանայ, իսկ երբ

Page 34: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

34

մարմինը պահեցողութեամբ կը տկարա-նայ` հոգին կը զօրանայ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):

v Պահքը չի կարճցներ մարդուն

կեանքը, ընդհակառակը` կ'երկարէ զայն (Օգոստինոս):

v Պէտք է ծոմով, պահեցողութեամբ

ու ժուժկալութեամբ ճնշել մարմինը, որ-պէսզի հլու հպատակութեամբ մինչեւ վերջ ծառայէ Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):

v Պահքը կը մաքրէ հոգին, կը նորոգէ

միտքը, մարմինը կ'ենթարկէ հոգիին, կը խոնարհեցնէ սիրտը, կը փարատէ կաս-կածամտութեան ամպը, կը մարէ ցան-կութեան կրակը, եւ կը վառէ բարեպաշ-տութեան ճշմարիտ լոյսը (Օգոստինոս):

Page 35: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

35

v Եթէ անձ մը պահքը աւելորդ ու անօգուտ նեղութիւն համարելով կը գայթակղի եւ ուրիշներն ալ կը գայթակ-ղեցնէ, մեծապէս կը մեղանչէ, որովհետեւ իր վերաբերմունքով կը դատէ այն սուրբ հայրերը, որոնք Սուրբ Հոգիով սահմա-նեցին եկեղեցւոյ կանոնները (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):

v Որքան շատ ըլլան պահեցողու-

թեան մեր օրերը` այնքան լաւ կ'ըլլայ բժշկութիւնը: Որքան երկար ըլլայ ժուժ-կալութեան ժամանակաշրջանը` այնքան աւելի ապահով կ'ըլլայ փրկութեան ձեռք բերումը (Սերափիմ Սարովցի):

v Աստուած է ամէն բանի գերագոյն

Տէրը, եւ ինչ բարիք որ տուած է մեզի` անոնց տասանորդը կը պահանջէ մեզմէ: Տասանորդը պարտք մըն է որ պէտք է

Page 36: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

36

վճարել Աստուծոյ: Մարդը իր պահեցո-ղութեամբ է որ իր մարմնի պարտքը կը հատուցանէ Աստուծոյ (Պօղոս Ադրիա-նապոլսեցի):

v Մարմնին այնքան ուտելիք տուր

որքան պէտք է իրեն եւ դուն բնաւ վնաս պիտի չկրես, նոյնիսկ եթէ օրը երեք ան-գամ չուտես: Եթէ օրը մէկ անգամ ուտես բայց ատիկա հոգեւոր գիտակցութեան մը արդիւնքը չըլլայ` բանով մը չես օգտուիր (Սիմէոն Նոր Աստուածաբան):

v Ինչպէս երկրաւոր իշխանութիւն-

ներ ապստամբ կը համարեն այն մարդը որ իր հարկը չի տար, նոյնպէս ալ Աստ-ւած ապստամբ կը համարէ այն մարդը որ պահեցողութեամբ իր մարմնի հարկը չի տար իրեն (Պօղոս Ադրիանապոլսե-ցի):

Page 37: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

37

v Պահեցողը պէտք է ուտէ միայն այնքան, որ մահկանացու մարմինը կա-րենայ ոտքի մնալ, եւ դառնայ բարեկամ եւ օգնական հոգիին` իր մէջ առաքինու-թիւններ ծաղկեցնելու (Սերափիմ Սա-րովցի):

v Երբ մէկը պահեցողութեան կամա-

ւոր յօժարութեամբ կը ճնշէ մարմինը, ցոյց տուած կ'ըլլայ որ իր մէջ սէրը կա-տարեալ է Աստուծոյ հանդէպ (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):

v Պահք պահող մեր սուրբ հայրերը

մէկ անգամէն խիստ պահեցողութեան չդիմեցին, այլ աստիճանաբար վարժուե-ցան ու կարող դարձան նուազագոյն ուտելիքով բաւարարուելու: Հակառակ այս իրողութեան, անոնք բնաւ տկարու-թիւն չճանչցան, այլ առողջ էին եւ միշտ

Page 38: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

38

պատրաստ գործելու: Հազուադէպ հի-ւանդութիւն կ'ըլլար անոնց մէջ, եւ իրենց կեանքը տարօրինակ կերպով երկար կ'ըլլար (Իգնատիոս Աստուածազգեաց):

v Պահքը չի վերաբերիր միայն ճա-

շակելիքին, այսինքն` բերանին, որ պէտք է հեռու մնայ պարարտ կերակուրներէն, այլ` բոլոր զգայարանքներուն: Որովհե-տեւ, պահքի նպատակն է` մտքի մաք-րութիւնն ու սրտի սրբութիւնը, որոնք կրնան արատաւորուիլ. նաեւ աչքերով նայիլը, ականջներով լսելը, ռունգերով հոտոտելը ու շօշափելիքներով զգալը. ուստի հարկ է որ պահքի օրէնքը ասոնց վրայ եւս կիրարկուի: Անօգուտ է միայն բերանով պահք պահելը, եւ միւս զգայա-րանքներով չզգուշանալը մեղքի պատ-ճառներէն: Ուրեմն, մարդը պէտք է ինք-զինք հեռու պահէ ո´չ միայն պարարտ

Page 39: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

39

կերակուրներէն, այլ նաեւ մեղքի բոլոր պատճառներէն (Պօղոս Ադրիանապոլ-սեցի):

v Պահեցողութեան ժամանակ երբ

պահեցողին մարմինը կ'ըլլայ թեթեւ ու նիհար, այն ատեն, անոր հոգեւոր կեան-քը կը հասնի իր կատարելութեան, ինք-զինք կը յայտնէ հրաշալի յայտնութիւն-ներու միջոցաւ, եւ հոգին իր գործերը կը գործէ մարմնին մէջ որ ալ կարծէք դադ-րած է մարմին ըլլալէ: Անոր արտաքին զգացումները կը շիջին, եւ միտքը որ կը մերժէ աշխարհը` երկինք կը բարձրա-նայ, եւ ամբողջութեամբ կը մխրճուի հոգեւոր աշխարհի կենցաղակերպին մէջ (Իգնատիոս Աստուածազգեաց):

v Կան մարդիկ որոնք պահք կը պա-

հեն բայց վարձք չեն ստանար: Այսպէս,

Page 40: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

40

օրինակ, ժլատը պահք կը պահէ, որպէս-զի դրամ չծախսէ. կեղծաւորը պահք կը պահէ, որպէսզի մարդիկ զինք գովեն. տկարը պահք կը պահէ, որպէսզի մար-մինը չվտանգուի. աղքատը պահք կը պահէ, որովհետեւ կերակուր չունի: Այս-պիսի մարդիկ պահք կը պահեն իրե´նց անձերուն համար եւ ո´չ թէ Աստուծոյ համար, եւ անոր համար ալ ոեւէ վարձք չեն ստանար: Սակայն, իրականութեան մէջ, պահքը պէտք է ըլլայ միայն Աստու-ծոյ փառքին համար (Պօղոս Ադրիանա-պոլսեցի):

v Պահքը կը բժշկէ հիւանդութիւն-

ները, դուրս կը շպրտէ չար ոգիները (Մտ 17.21), կը հեռացնէ վատ խորհուրդները եւ կը մաքրէ մեր սիրտը (Դիխոն Զա-տոնսքցի):

Page 41: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

41

v Պահեցողութիւնը ոչ միայն հոգի-ին համար կարեւոր է, այլ նաեւ մարմնին համար օգտակար է ու պիտանի, ահա թէ ինչու, նոյնիսկ բժիշկները մարմնի ա-ռողջութեան համար պահք պահել կը պատուիրեն: Ուստի, ով որ կը տրտնջայ եկեղեցւոյ կանոնական պահքին դէմ եւ զեղխութեամբ անձնատուր կ'ըլլայ կերա-կուրներ եւ ըմպելիքներ ըմբոշխնելու, ո´չ միայն իր հոգիին կը վնասէ` զայն հպա-տակեցնելով զօրաւոր կիրքերու, այլեւ կը վնասէ իր մարմնին` զայն ենթարկելով զանազան ախտերու ու հիւանդութիւն-ներու (Պօղոս Ադրիանապոլսեցի):

v Պահքը մայրն է առողջութեան, ըն-

կերն է զգաստութեան ու ողջախոհու-թեան, եւ ընկերակիցն է մտքի հեզու-թեան (Ասդերիոս Ամասիացի):

Page 42: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

42

v Պահքը ծնունդ կու տայ մարգարէ-ներու եւ կը զօրացնէ զօրաւորը: Պահքը օրէնք տուողը կը դարձնէ իմաստուն: Պահքը պահպանակն է հոգիին եւ հաս-տատ ընկերակիցը մարմնին, ...: Պահքը կը վանէ փորձութիւնները եւ մեզ կ'օծէ ու բարեպաշտ կը դարձնէ: Պահքը հոգեւոր արթնութեան ընկերակիցն է եւ հնարի-չը` ողջախոհութեան (Օգոստինոս):

v Պահեցողը պատերազմի ժամա-

նակ քաջօրէն կը կռուի, իսկ խաղաղու-թեան ժամանակ` կը սորվեցնէ հանդար-տութիւն (Օգոստինոս):

v Անոնք որոնք մարմնի մէջ են` չեն

կրնար հաճելի ըլլալ Աստուծոյ. խօսքը նիւթական մարմնի մէջ ըլլալու մասին չէ, այլ` մարմնին կամքը կատարելու մա-սին. եկէք սիրելիներ, մեր մարմինները

Page 43: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

43

կրթելու համար պահք պահենք (Տերտու-ղիանոս):

v Պահքի ժամանակ միայն հաց կեր

ու ջուր խմէ: Եւ այն օրը որ կերակուր չուտես, քու չկերած կերակուրիդ գինը պէտք է որբի մը կամ որբեւայրիի մը տաս (Հերմաս):

v Իսկական քրիստոնեայ մարդը որ-

քան ալ տքնաջանօրէն աշխատի եւ որ-քան ալ բարի գործեր կատարէ, կը զգայ թէ ինք ոչինչ կատարած է: Այսպիսին եթէ պահք պահէ, խոնարհաբար կ'ըսէ. «Ասի-կա պահք չէ»: Եթէ աղօթէ` կ'ըսէ. «Ասի-կա աղօթք չէ»: ... Եթէ արդար է` կ'ըսէ. «Ես արդար չեմ, ես ցաւ յանձն չեմ առներ ինչպէս պէտք է առնեմ» (Մակարիոս Եգիպտացի):

Page 44: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

44

v Եթէ կանոնաւոր ձեւով պահք կը պահես` մի´ հպարտանար: Աւելի լաւ է որ միս ուտես, քան թէ պահած պահքիդ պատճառով հպարտանաս եւ ինքզինքդ փառաւորես (Աբբա Իսոտոր):

v Վարդան Այգեկցին խօսելով պա-

հեցողութեան կարեւորութեան մասին` կ'ըսէ.-

Մարդոցմէ ո՞վ կրնայ գիտնալ եւ ճառել, թէ որքա՜ն բարի է պահքը Ադամի որդիներուն համար, եթէ երբեք զայն կը սիրեն: Միայն Աստուծոյ յայտնի է այն մեծութիւնն ու շահը որ պահքէն յառաջ պիտի գար մարդուն համար: Այդ պատ-ճառով էր որ Աստուած Ադամին տուաւ առաջին պատուիրանը, որ էր` ար-գիլուած ծառին պտուղէն չուտելը (Ծն 2.17): Որովհետեւ դրախտին մէջ Ադամը

Page 45: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

45

հրեշտակներու նման սակաւապետ2 էր, եւ անոր կենակիցը` պահքն էր: Բայց Ադամ չհաւատաց Աստուծոյ պատուի-րանին, որովհետեւ չէր գիտեր թէ որքան բարի բան էր պահքը, եւ պտուղը ճա-շակելով` արտաքսուեցաւ դրախտէն: ... Այս պատճառով ալ, Աստուած իր աստ-ւածային գիրքերով պատուիրեց մեզի խստութեամբ պահք պահել, որպէսզի մտնենք երկինքի երանութիւնը, որմէ զրկուեցաւ Ադամ կերակուրի պատճա-ռով: Բայց անոնք որոնք ծառայ են փորին ու որովայնին, Տէրունական ու առաքե-լական խօսքը կ'ընդունին ի կորուստ իրենց անձերուն, որովհետեւ չեն գիտեր թէ Տէրը ինչ հանգամանքներու մէջ ըսաւ. «Կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը» (Մր

––––––––––––––– 2 Քիչ բանի վրայ իշխանութիւն ունեցող: Եւ կամ` իշխանութիւն ունեցող, բայց ո´չ ամէն բանի վրայ:

Page 46: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

46

7.18). ո´չ ալ կը հասկնան առաքեալին խօսքին իմաստը որ կ'ըսէ. «Կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ» (Ա.Կր 8.8): ... Տակաւին, առաքեալը խօսելով որովայնապաշտներու մասին` կ'ըսէ. «Ինչպէս յաճախ կ'ըսէի եւ հիմա եւս լալով կ'ըսեմ, մեր մէջ կան շատեր՝ որոնց կեանքը թշնամանք է Քրիստոսի խաչին: Անոնց վերջը կորուստ է, որով-հետեւ իրենց Աստուածը իրենց փորն է: Ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը խորհին» (Փլպ 3.18-19): Առաքեալը որո-վայնամոլներն ու հեշտաքարոզ3 վարդա-պետները «շուներ» ու «չարիք սերմանող-ներ» կը կոչէ (Փլպ 3.2):

––––––––––––––– 3 Մարդոց հաճելի ու ախորժելի քարոզներ տուող անձ: Կը նշանակէ նաեւ` կեանքի դիւրին ու հեզա-սահ ճամբու քարոզիչ:

Page 47: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

47

Անսահման չարիք է որովայնամո-լութիւնը: Նայէ´ եւ տե´ս, ո´վ մարդ, թէ ինչպէս կործանեցաւ Ադամը. մի´ հեշ-տանար եւ ուրիշներու ալ կործանման պատճառ մի´ դառնար: Միթէ դուն Աս-տուծմէ աւելի՞ գիտես որ Ադամին ըսաւ. «Մի´ ուտեր» (Ծն 2.17), կամ աւելի՞ ուսա-նած ես քան սուրբերը, որոնք պատուի-րեցին մեզի քաջօրէն պահք պահել:

Արդ, սուրբ մարգարէները պահք պահեցին եւ արժանացան հրեշտակնե-րու տեսութեան: Յանուն Աստուծոյ պահք պահեցին նաեւ առաքեալները եւ ապա արբեցան Սուրբ Հոգիի բխումով: Հետեւէ´ Մովսէս, Եղիա եւ Յովհաննէս Մկրտիչ մարգարէներուն օրինակին. ասոնք պահք պահելով է որ զԱստուած տեսան: Սորվէ´ հայրապետներու, մար-

Page 48: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

48

տիրոսներու եւ միանձանցներու4 վար-քէն, որովհետեւ պահքն էր անոնց պա-րիսպն ու ամրութիւնը: Եւ այս բանը բոլորը քաջ գիտեն: Իսկ ով որ կը կարդայ Տիրոջ խօսքը, թէ` «Կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը», կամ առաքեալին խօսքը, թէ` «Կերակուրը չէ որ մեզ Աստուծոյ ներկայութեան կը բերէ», եւ սխալ կը հասկնայ ըսուածները ու սխալ կը բա-ցատրէ ըսելով. «Տեսէ´ք, կերակուրը չէ որ կը պղծէ մարդը, ուստի պահք պահելը իմաստ չունի», թող ինքզինք Աստուծոյ ծառան չկոչէ, եւ թող չխորհի որ մաքուր սիրտ ու հաստատուն հաւատք ունի: ...

Ինչպէս ծառերն ու բոյսերը որոնք ջուրերու եզերքները կը գտնուին` կանա-չագեղ, սաղարթախիտ եւ առատ կ'ըլլան ––––––––––––––– 4 «Միանձն» կը կոչուի միայնակեաց անձը, այսինքն` առանձին ապրողը, ճգնաւորը: «Միանձն» կրնայ կոչ-ուիլ նաեւ` կրօնաւորը, վանականը:

Page 49: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

49

պտուղներով, նոյնպէս ալ մարմինը, երբ չափէն աւելի կերակուրներով եւ ըմպե-լիքներով կը պարարտանայ` կը գիրնայ, չարաչար պիղծ ախտեր կ'աճեցնէ իր մէջ, մորմոքուելով կը գրգռուի եւ առանց երկիւղի աղտեղութեամբ կը շաղախուի: ... Եւ ինչպէս բոյսերն ու ծառերը ջուրի պակասէն կը ցամքին ու կը չորնան, նոյնպէս ալ մարմինը որ պարսպուած է պահքով, անոր ախտերը մշտապէս նուազելով կը ցամքին եւ անուժ կը դառնան, թէպէտ մնայուն կերպով կը գրգռուին պոռնկութեան դեւերուն կողմէ:

Արդ, արբեցողներու տունը դեւերու բնակարան ու հանգստավայր է, որովհե-տեւ այնտեղ անառակ կիներ լկտիաբար կը պարեն եւ վատ երգերով խնջոյք կ'ընեն: Իսկ պահք պահողներու տունը հրեշտակներու տուն եւ սուրբերու հան-գըստարան է, որովհետեւ այնտեղ սաղ-

Page 50: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

50

մոսերգութիւններով կը փառաւորուի Աստուած:

Ըստ Աստուծոյ բարձրագոյն հրամա-նին` պահքը կը հալածէ դեւերը:

Պահքը Աստուծոյ կոչականն է եւ հրեշտակներու ցնծութիւնը:

Պահքը մեղքերու լուացումն է եւ բարեպաշտութեան սերմանումը:

Պահքը հոգիի պայծառ ջահն է, լու-սաւոր կանթեղը, մարմնի առողջութիւնն ու երկարակեցութիւնը` ինչպէս կը վկա-յեն բժիշկներ եւ փորձուած մարդիկը:

Պահքը Աստուծոյ կողմէ մեզի պար-գեւուած հոգեւոր սուր եւ երբեք չբթացող զէնք է` ընդդէմ աներեւոյթ թշնամիին:

Պահքը հրեշտակներու գործն է եւ եկեղեցւոյ պարծանքը:

Պահքը մեզ Աստուծոյ բարձրացնող ամուր աշտարակ եւ լուսաւոր սանդուխ է:

Page 51: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

51

Պահքը լայնատարած կամուրջ է, եւ ելքի ճանապարհ` դէպի երկինք տանող:

Պահքը ընտրուած է Աստուծոյ կողմէ, եւ գովուած ու վկայուած է բոլոր սուրբե-րուն կողմէ:

Ուստի, սիրելիներ, պէտք է խստու-թեամբ եւ զգուշութեամբ պահք պահենք: Նմանինք մեր սուրբ հայրերուն եւ սպաննենք որովայնը եւ մեր իսկ մարմնի մեղքերու անդամները: Պահոց կերակու-րը պէտք է պարկեշտութեամբ գործածել, որովհետեւ շատ կերակուրը կը նեղէ որովայնը, որ կը ծանրանայ ու կը սկսի տառապիլ եւ շրջիլ այս ու այն կողմ: Գրուած է. «Մի´ պարարտացներ որովայ-նըդ, այլ միայն հացով ու ջուրով բաւա-րարուէ»: Իսկ Աստուածաբանը կ'ըսէ. «Երբ կ'ուտես` խնայէ հացը». նաեւ կ'ըսէ. «Շատ փայտ մի´ դիզեր կրակի վրայ եւ շատ կերակուր մի´ պատրաստեր գազա-

Page 52: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

52

նի համար, որ մարմինդ է, որպէսզի զօրանալով` պատառ-պատառ չընէ հո-գիդ եւ ցանկութեան կրակով քեզ չայրէ»:

Աստուած մարդուն հրամայեց բաւա-կանանալ պտուղներով, սերմերով ու բանջարեղէնով, սակայն երբ յանցանքը գործուեցաւ, մարդիկ մեծ ջանքերով ու բազում հնարքներով ստեղծեցին համեղ կերակուրներ: Արդ, երբ անասունը կը գիրնայ` կը սկսի պոզահարել5 իր տէրը, որովհետեւ շատցած են անոր ցանկու-թիւնները: Իսկ մարդու ճարպոտիլն ու գիրնալը կը ստիպեն որ ախտը բռնա-դատէ զինք, եւ ինք անասուններէն աւելի վատ ձեւով մը սկսի իր պոզը տնկել Աստուծոյ դէմ: Այս է պատճառը որ Դաւիթ մարգարէն կը գրէ. «Ձիու պէս ու

––––––––––––––– 5 «Պոզ» կը նշանակէ` եղջիւր: Պոզահարել` եղջիւրով զարնել, հարուածել:

Page 53: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

53

ջորիի պէս մի´ ըլլաք, որոնք միտք չու-նին, եւ որոնց սանձով ու պախուրցով կապելու ես, որպէսզի չմօտենան քեզի» (Սղ 32.9): Անոր համար ալ, երբ Աստ- ւած կամենայ խրատել մարդիկը, որոնք կը լիանան ու կը գիրնան բազում կե-րակուրներով, որ հողը ինք Աստուծոյ հրամանով կը պարգեւէ մարդոց, երաշտ կը բերէ, սով, սնունդի նուազութիւն եւ տարբեր-տարբեր պատուհասներ, որ-պէսզի մարդիկ քաղցելով` դարձի գան եւ յիշեն իրենց Արարիչը:

Նոյի ապրած դարաշրջանին, սոդո-մացիներու մօտ կերակուրներու առա-տութիւնն ու պարարտութիւնն էր որ այնքան աճեցուց ու ծաղկեցուց մեղքի ախտը: Ահա այստեղէն ճանչցիր, պահքի անսահման շնորհքներն ու մեծութիւնը, որովհետեւ եթէ նախաստեղծ մարդը պահք պահէր եւ չճաշակէր պտուղէն,

Page 54: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

54

դրախտի մէջ որդեծնութիւնը կ'ըլլար պարկեշտութեամբ եւ մարդու կամքով, որովհետեւ ախտը չէր բռնադատեր զայն, ինչպէս այժմ կ'ըլլայ, այլ իր անձին փոխարէն կը ծնէր զաւակներ Աստուծոյ օրհնութեամբ ու կամովին եւ ո´չ թէ ակամայ, եւ, ապաշխարելով անմահ կը դառնար. այնտեղէն ալ կը վերափոխուէր դէպի անմարմիններու անճառելի կեան-քը, այսինքն` ինկած հրեշտակներուն տեղը` սերովբէներուն խորանին մօտ: Նաեւ կուսութիւնը յօժար կամքով եւ առանց ջանքի կը պահէր դրախտին մէջ, որովհետեւ ախտը չէր բռնադատեր զայն, ինչպէս այժմ կ'ըլլայ. կը մորմոքի, հեշ-տութեամբ կը բորբոքի, եւ բոցավառելով ցանկութեան հուրով, կ'այրէ երիկամ-ները` գրգռուելով պոռնկութեան դեւին կողմէ, վկայութեամբ Սուրբ Գիրքին.

Page 55: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

55

«Սիրտս բորբոքեցաւ ներսիդիս, ջերմու-թեանս մէջ կրակը վառեցաւ» (Սղ 39.3):

Ի՞նչ կը փորձեմ ըսել. եթէ մարդիկ սնուէին դրախտին մէջ` կը բարձրանա-յին երկինք. այս մասին կը վկայեն կոյսե-րէն` Եղիան, իսկ ամուսնացածներէն Ենովքը: Որովհետեւ, Ենովք ծնունդ տուաւ որդիներու, եւ ապաշխարելով` անմահ երկինք վերափոխուեցաւ, իսկ Եղիան կուսութեամբ ճգնեցաւ եւ անմահ երկինք բարձրացաւ: ... Մեծն Գրիգոր Աստուածաբանը կ'ըսէ. «Եթէ դրախտին մէջ մնացած ըլլայինք այնպէս ինչպէս Աստուած մեզ ստեղծեց` աստուածացած կ'ըլլայինք եւ Աստուծոյ մօտեցած»:

Թէ բազմահնար ու խաբեբայ է բան-սարկուն6, ասիկա յստակ կը դառնայ եթէ

––––––––––––––– 6 «Բանսարկու» կը նշանակէ` չարախօսութեամբ մարդիկը իրարու դէմ գրգռող:

Page 56: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

56

նկատի առնենք առաջին մարդուն անկ-ման պատճառը: Սատանան բնական գե-ղեցկութենէն շատ աւելի գեղեցիկ ու փայլուն դարձուցած էր պտուղը Եւայի աչքին առջեւ, կը լլկէր անոր որովայնը, եւ զայն կը նեղէր ցանկութեամբ, մինչեւ որ Եւա վերցուց պտուղէն, կերաւ ու փառքէն զրկուեցաւ: Այսպէս, բանսար-կուն որովայնամոլութեամբ ու արբեցու-թեամբ կը նեղէ բոլոր մարդիկը. առաւել կը գեղեցկացնէ կերակուրները քան ինչ որ հարկաւոր է բնական քաղցն յագեցը-նելու համար. կը լլկէ մարդուն որովայ-նը, եւ զայն անժուժկալ կը դարձնէ` զայն նեղելով քաղցրահամ կերակուրներու եւ ըմպելիքներու ցանկութեամբ, որովհե-տեւ Սատանան ունի կերակուրներու ցանկութիւն, բայց չունի մարմին, որուն միջոցաւ կարենայ կերակրուիլ: Սատա-նան կու գայ շնութեան իր դեւերով եւ

Page 57: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

57

մեր մէջ կը սերմանէ որովայնամոլու-թիւն, եւ ուրախութեամբ կը կերակրուի անոր հիւթերէն: Ան կը կերակրուի ամէն տեսակի աղտեղութիւններով ու մեղքե-րով, զորս մենք կը գործենք մարմինով այս աշխարհին մէջ: Եւ այս անսահման չարիքը որ Սատանան գործել կու տայ, քաջ ծանօթ էր անճառելիները7 տեսնող Պօղոսին, որուն կապակցաբար ան կ'ը-սէ. «Կերակուրը ստամոքսին համար եղած է եւ ստամոքսը՝ կերակուրին. սա-կայն Աստուած թէ՛ մէկը եւ թէ՛ միւսը պի-տի խափանէ» (Ա.Կր 6.13):

Եւ արդ, քանի այսքան մեծ կործա-նումի առաջնորդեց պտուղի ճաշակումը, եւ քանի այսպիսի մեծ բարիքներու առիթ է պահքը, Աստուծոյ սիրելինե´ր, եկէք

––––––––––––––– 7 Կ’ակնարկէ այն տեսիլքներուն եւ յայտնութիւննե-րուն որ Պօղոս առաքեալ ունեցաւ (Բ.Կր 12.1-5):

Page 58: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

58

ջանանք քաջութեամբ պահք պահել եւ ամէն ատեն անով պսակենք մեր ճակա-տը. պահքը որպէս առաջին պարիսպ կանգնեցնենք պոռնկութեան չար դեւին դէմ եւ անով հալածենք չարիքն ու մար-մնական բոլոր ախտերը: Անսասան ըլլանք պահքի խորհուրդին ժամանակ` այս կեանքի մէջ չարչարելով ու ցամ-քեցնելով մեր մարմինը, հեռանալով ցանկալի կերակուրներէն, եւ չափաւորը բաւարար համարելով, որպէսզի անխոնջ կենցաղավարութեամբ եւ հրեշտականը-ման վարքով ապրինք այս աշխարհին մէջ, իսկ հանդերձեալին, որ գալու է, բո-լոր ընտրեալ արդարներուն հետ արժա-նանանք անպակաս լիութեան եւ անճառ միութեան, մշտնջենաւոր ուրախութեան եւ անկարօտ կեանքին, ամենակալ Հօր շնորհներով ու ողորմութեամբ, Միածին Որդիին գթասիրութեամբ եւ Սուրբ Հոգի-

Page 59: ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ Ի՞Նչ կ... · 2020. 8. 8. · «ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ» Ի՞ՆՉ Կ'ԸՍԵՆ ՍՈՒՐԲ ՀԱՅՐԵՐԸ ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

59

ին խնամքով ու առաջնորդութեամբ, որոնք փառաւորուած ու օրհնուած են այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն: